ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Չըրաղանի «Four Seasons» պանդոկին մէջ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուեցան զանազան յարանուանութիւններու եւ հասարակութեան զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Մեր համայնքէն այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պէշիկթաշ գաւառակէն ներս գործող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներէն ներկայացուցիչներ։ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանին կողմէ ալ ներկայ էր Հայր Վարդան Գազանճեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Այս առթիւ ան խոր մտահոգութիւնով արտայայտուեցաւ ահաբեկչական դէպքերուն շուրջ, որոնք վերջին շրջանին թափ ստացած են։ Մուրատ Հազինետար կանգ առաւ նաեւ բնապահպանութեան խնդիրներու վրայ։ Քաղաքապետը համոզուած է, որ այս բոլոր խնդիրներու պարագային քաղաքական գործիչները պէտք է աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնեն։ Հազինետար շեշտեց նաեւ, որ հեռու պէտք է մնալ դաւանանքի, լեզուի, ցեղի խտրականութիւններէ եւ համահաւասար յարգանք պէտք է ցուցաբերել բոլորին նկատմամբ։

Իֆթարի հաւաքոյթը շարունակուեցաւ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017