ՔԱԹԱՐԻ ՏԱԳՆԱՊ. ԿԱՄ «ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԻՇԽԱՆՆԵՐ»ՈՒ ԿՂԶԻՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

Բաւական խճճուած պատմութիւն ունի Քաթարը: Ալ Սանի գերդաստանի իշխաններով ղեկավարուող Քաթարը ոչ միայն Միջին Արեւելքի հեղուկ կազի մեծագոյն պաշարներով հարուստ երկիրն մըն է, այլ նաեւ քաղաքական առումով ու յատկապէս վերջին շրջանին ան դարձաւ մեծ դերակատարութիւն ունեցող առանցքային երկիր մը:

Նախ յիշեցման կարգով պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ Քաթարի իշխանութեան գլուխ հասած Թամիմ պըն Համատ իշխանը կը յաջորդէր իր հօրը՝ Համատ պըն Խալիֆա ալ Սանի իշխանին, բաւականին բարդ եւ երկրին համար «վնասաբեր» ընթացքներէ ետք: Խնդիրն այն էր, որ Համատ իշխանը, որ իր կարգին իշխանութիւնը իր հօրմէն «կը խլէր»՝ երկրին մէջ խաղաղ յեղաշրջում մը կատարելով,  կ՚ունենար բաւական «անհասկնալի» քաղաքական վարք, որուն հետեւանքով Քաթար կը հանդիսանար արաբական աւազանին «անհասկնալի» եւ նոյնիսկ «անառակ» մէկ զաւակը: Խօսքը միայն Իսրայէլի վարչապետ Շիմոն Փերէզը Տոհայի մէջ ընդունիլը, կամ Համատ իշխանին բաւականին խորհրդաւոր պայմաններու տակ Թել Աւիւ այցելութիւնը չէր, այլ Իսրայէլի հետ «բաց յարաբերութիւններ» մշակելու ռազմավարութիւնը, որ կը յանգեցնէր լուռ եւ խաղաղ իշխանափոխութեան մը: Այս մէկը Թամիմ իշխանին իշխանութեան գլուխ հասնելու մասին է, որ տեղի ունեցաւ 2013 թուականին, այնպիսի փուլի մը, երբ արաբական աշխարհի (նկատի ունիմ յատկապէս սիւննի աշխարհը) «գլխաւոր տէրեր»ը ոտքի կանգնած էին դատապարտելու Քաթարը եւ անոնց բողոքը կը պատրաստուէր գործնական հունի մը մէջ մտնել:

Քաթարի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամը չէ, որ երկիրը «զոհ» կը դառնայ ներարաբական տան մէջ գոյացած, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ կուտակ-ւած տարակարծութիւններուն:

 Նախ պէտք է նշել, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Քաթարին դէմ ընթացք առած «ամպարկօ»ի քաղաքականութիւնը ընթացք կ՚առնէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելք կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք:

Ընթացք առած «դիւանագիտական պատերազմ»էն անմիջապէս յետոյ, ամերիկացի մէկէ աւելի մեկնաբաններ անդուդարձը կը համարէին վտանգաւոր: «Foreign Policy» պարբերականի սիւնակագիր Սայմըն Հանտըրսըն, օրինակ՝ կը գրէր, որ տագնապը մեծ պատերազմի մը դուռը կրնայ բանալ: Ան նաեւ կը նշէր, որ տեղի ունեցածը կը յիշեցնէ Առաջին աշխարհամարտի նախօրէին Եւրոպայի մէջ տիրած ընդհանուր լարուածութեան եւ հակակրանքի իրավիճակը:

Հասկնալու համար Քաթարի դէմ սիւննի գլխաւոր տէրութիւններուն ատելավառ զգացումները եւ հակակրանքը, պէտք է աչքի առջեւ ունենալ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին այդ երկրին ընդհանուր կեցուածքը եւ «գործնական քայլեր»ը, որոնք ամէն պարագայի չէին բխեր սիւննի «միասնական տան» մը գաղափարներէն:

Սէուտական Արաբիան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ կատարած այցելութենէն ետք սկսած են հանդէս գալ աւելի ինքնավստահ ձեւով, կը փորձէին Իրանի դէմ կտրուկ քայլեր կատարել: Ու անոնց քայլերուն առաջին «թիրախ»ը ըստ երեւոյթին՝ Քաթարն է:

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ Թրամփի շրջանէն հեռացումէն անմիջապէս ետք, Քաթարի կառավարութեան մէկէ աւելի թուիթըրեան էջեր «կասկածելի» գրառումներ կը կատարէին: Այդ գրառումները, որոնց մասին Տոհայի կառավարութիւնը հանդէս կու գար հերքումով, դէմ կ՚արտայայտուէին շրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր քաղաքականութեան:

Սակայն բացի այս հերքել-չհերքելու «խաղ»էն, իշխան Թամիմ բանակի սպաներու յատուկ միջոցառման մը հանդիսապետելով՝ ըսած էր, որ իրենց համար «Համաս»ն ու «Հիզպուլլահ»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւններ չեն:

Թամիմ իշխանը նոյն օրը չէր գոհանար «օրթոտոքս» սիւննիներու համար «ահաբեկչական» համարուող խմբաւորումները պաշտպանելէ, այլ նաեւ կը յայտարարէր, որ Սէուտական թագաւորութիւնը թշնամական մօտեցումներ ունի Քաթարի դէմ:

Այդ շեշտադրումներէն ետք էր նաեւ, որ յստակ կը դառնար, թէ Տոհայի արտաքին եւ յատկապէս շրջանային քաղաքականութեան մէջ խորքային փոփոխութիւն մը կայ: Թամիմ, որ իշխանութեան գլուխ կը հասնէր ձեւով մը սըր-բագրելու համար իր հօր քաղաքական արեւելումի սխալները (դիտուած արաբական ակնոցով), այսօր կանգնած է մեծ որոշումներու դիմաց:

Ոչ թէ կանգնած է, այլ անոր խօսքերը եւ ըրած յայտարարութիւնները «կ՚աւետեն», որ Քաթար պատրաստ չէ միանալու Իրանի դէմ նոր բացուած «ակումբ»ին, այլ իրենք ունին շատ աւելի տարբեր կեցուածքներ: Այդ կապակցութեամբ բնականաբար կար Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հանդէպ ուրուագծուած «սեմփաթի» մը, որ անցած էր խօսքի սահմանները եւ սկսած էր վերածուիլ անմիջական համագործակցութեան:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, բայց մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ համար կար Քաթարի կողմէ «Իսլամ եղբայրներ»ուն, ԻՇԻՊ-ին եւ «Ալ Քաիտա»ին նեցուկ կանգնելու մեղադրանքը:

Այստեղ նաեւ պարզ կը դառնայ, որ առկայ տարակարծութիւնները անպայմանօրէն կապուած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն հետ: Ու շատ հաւանական է, Տոհա, որ կարեւոր դեր ունեցաւ Սուրիոյ պատերազմի «խոհանոցային պատրաստման» փուլերուն մէջ, այսօր յանգած է այն համոզումին, թէ իր կատարած «ներ-դրումներ»ը եւ ունեցած ջանքերը ի թերեւ ելան: Ամերիկացիներուն համար կայ մէկ ու միակ սիւննի տէրութիւն, որ Սէուտական Արաբիան է, հետեւաբար նոյն մօտեցումին, որպէս տրամաբանական շարունակութիւնը, շատ բնական է, որ Քաթար կրնայ անտեսուիլ եւ դառնալ լուսանցքային խաղացող մը:

Մեզի համար յստակ չէ, որ Քաթարի կեցուածքներուն դարձակէտային ստորագրութիւնը որո՛ւ կը պատկանի: Այլ խօսքով, ցարդ պարզ չէ, թէ ո՛վ էր խորքին մէջ, որ կը հեռանար սիւննի «տուն»էն: Քաթարն է՞ր առաջին քայլ կատարողը կամ Ռիատն էր, որ դուրս կը նետէր զայն միջարաբական խաղէն:

Կայ նաեւ այլ մօտեցում մը, որ Քաթար նախազգալով այս բոլորը եւ աւելի թանկ «գին» ստանալու միտումով, կը փոխէր իր քաղաքական հայեցակարգը, սակայն առանց վերջնականապէս կտրուելու «ամերիկեան պորտակապ»էն:

Երբ ամերիկեան պորտակապին մասին կը խօսուի, նկատի պէտք է ունենալ, որ Քաթարի մէջ կը գործէ «Ալ Ատիտ»ի ամերիկեան օդային ցարդ ալ գործող խարիսխը, որուն մասին եղած իրերամերժ յայտարարութիւնները շատ յաճախ զարմանք կը պատճառեն:

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ Քաթարի հարցով մէկ օրուան մէջ բաւական հակասական կեցուածքներով հանդէս կու գայ, չի խօսիր այդ զինուորական խարիսխին մասին:

Արաբ շարք մը վերլուծաբաններու կարծիքով ալ, Թրամփի հակասական կեցուածքները նպատակ ունին վերստին խառնել խաղի բոլոր քարտերը: Այսինքն մէկ կողմէ ընդունիլ, որ Քաթար իր «չափը անցուցած է», իսկ միւս կողմէ՝ հաւատացնել, որ բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեան ճանապարհով:

Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ այս բացորոշ երկուութիւնը նաեւ նպատակ ունի «փորձարկել» բոլոր խաղացողներուն կամքը:

Ի վերջոյ ամերիկացիներուն համար հիմնական թիրախը Քաթարը չէ, այլ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, որուն մէկէ աւելի պաշտօնատարները ոչ միայն քննադատութեան թիրախ դարձուցին սէուտական կողմին ընդհանուր կեցուածքները եւ Տոհայի դէմ ընթացք առած «ամպարկօ»ն, այլ նաեւ առանց աղմուկ բարձրացնելու սկսան «օգնութեան հասնիլ» Քաթարին:

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ տագնապին սկիզբէն ի վեր Քաթարի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ այս «դիւանագիտական պատերազմ»ին դէմ դնելու համար իրենք ունին երեք յենարան: Այդ յենարաններն են Իրանը, Թուրքիան եւ Քաթարի մէջ տեղակայուած ամերիկեան խարիսխը:

Որքան ալ զարմանալի հնչէ, սակայն բացորոշ է, որ շատ յաճախ ու տարբեր գետիններու վրայ իրարու դէմ «ճակատող» այդ երեք յենարանները «ստիպուած» են մէկզմէկու հետ «կենակցիլ» այս անգամ Քաթարի մէջ:

Ուաշինկթըն եւ Անգարա լուրջ տարակարծութիւններ ունին կապուած Սուրիոյ քիւրտերուն, Թեհրան եւ Անգարա տարբեր եւ հակասական մօտեցումներ ունին մանաւանդ Դամասկոսի առընթեր, բայց եւ այնպէս, դարձեալ ստիպուած են «իրարու հետ խօսիլ» Քաթարի մէջ:

Հակասական կեցուածքներու այս ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ որքան խախուտ հիմքերու վրայ են շրջանի մեծ խաղացողներուն յարաբերութիւնները:

Բացի այս բոլորէն, կան նաեւ Քաթարի կարեւոր դիրքն ու դերը, որուն համար է նաեւ, որ հակասական մօտեցումներ ունեցող կողմերը ստիպուած կ՚ըլլան քով-քովուիլ ու Տոհան պաշտպանել:

Ամէն պարագայի Տոհայի դէմ ընթացք առած այս «տնտեսական պատերազմ»ին գլխաւոր նպատակն է ներսիւննիական «տան» վերջնական պատկերը կազմել:

Սէուտցիք ամէն գնով կ՚ուզեն յաղթական դուրս գալ այս խաղէն, սակայն տխուր ու նոյնիսկ մտահոգիչ է, որ անոնք կը մոռնան ու կ՚անտեսեն Սուրիոյ եւ յատկապէս Եմէնի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները, որոնց կապակցութեամբ սէուտական կողմը ոչ միայն նահանջեց, այլ կարելի է ըսել «տանուլ տուաւ»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017