ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Վաղը Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքապետի ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մարտի 31-ին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Այդ ժամանակ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը վիճարկուած էր։ Քուէներու շատ նուազ տարբերութիւն մը պիտի որոշէր արդիւնքը, սակայն հրապարակուած վիճելի տուեալները եւ կուսակցութիւններու փոխադարձ տուեալները հարցը հասցուցած էին այն մակարդակին, որ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը որոշած էր կրկնել ընտրութիւնները։

Ուրեմն, վաղը Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութիւնը պիտի կրկնուի։ Հիմնական թեկնածուներն են Պինալի Եըլտըրըմ եւ Էքրէմ Իմամօղլու, որոնցմէ մին իշխանութեան, իսկ միւսը ընդդիմութեան թեկնածուն է։ Վերջին շաբաթներուն արդէն այս երկու անունները նախընտրական յաւելեալ արշաւ մը յառաջ տարին, մանաւանդ անցեալ շաբաթավերջին ալ հանդէս եկան համատեղ հեռուստահարցազրոյցով մը։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019