ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՎՃԻՌ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի վերջին ալեկոծումներու մթնոլորտին մէջ, երէկ, Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս հրապարակուեցաւ անակնկալ դատավճիռ մը։ Այսպէս, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան պիտի դատուի ազատութեան մէջ։ Դատական իշխանութիւնները մերժեցին ընթացք տալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան միջնորդութեան, որով կը պահանջուէր բանտարկել Գագիկ Ծառուկեանը, որ երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկուած էր վերջին օրերուն խորհրդարանի որոշմամբ։ Գագիկ Ծառուկեան այժմ պիտի դատուի իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքներով, սակայն իր պարագային խափանման միջոցը պիտի չըլլայ կալանքը։ Այսինքն, ան պիտի չբանտարկուի, սակայն պիտի դատուի։ Երէկ արձակուած դատավճիռը թէեւ անակնկալ էր, սակայն նաեւ դրական կը համարուի։ Արդարեւ, վճիռը որոշ չափով կասկածի տակ կը դնէ այն պնդումներն ու համոզումները, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ դատական իշխանութիւնները անկախ չեն եւ կը կատարեն իշխանութիւններու կամքը։

Գագիկ Ծառուկեան երէկ դատարան մուտք գործելու եւ դուրս գալու ժամանակ ըրաւ հակիրճ յայտարարութիւններ, ու միշտ կրկնեց, թէ իրեն հասցէագրուած մեղադրանքները անհիմն են։ Իր փաստաբաններն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Ըստ իրենց, Գագիկ Ծառուկեանի բանտարկութեան պահանջին վերաբերեալ հիմնաւորումները այնքան տկար էին, որ դատական իշխանութիւնները արդէն չեն կրցած ընթացք տալ անոնց։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանին մօտ պիտի բողոքարկուի՝ Գագիկ Ծառուկեանը չբանտարկելու վերաբերեալ դատավճիռը։ Բաց աստի, Գագիկ Ծառուկեանի փաստաբաններն ալ երէկ արձակուած վճիռի բովանդակութեան շուրջ ունին շարք մը տարակարծութիւններ եւ անոնք ալ կը պատրաստուին անոնք բողոքարկելու։

Գագիկ Ծառուկեան կը մեղադրուի ընտրակաշառք տալու, կաշառք ստանալու, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութիւններու արգելքը խախտելու եւ ընտրողի ազատ կամքի դրսեւորումը խոչընդոտելու մէջ։ Իր հասցէին մեղադրանքներ կան նաեւ ելմտական կտրուածքով եւ այս ծիրին մէջ կը պնդուի, որ 60 միլիոն տոլարի համաչափ վնաս հասցուցած է պետութեան։

ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱԶԱՏ

Միւս կողմէ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ալ շաբաթավերջին բանտէն դուրս եկաւ՝ իր պարագային սահմանուած փրկագինի վճարումով։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020