1192 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 40 հազար 496 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1192 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 23 հիւանդ մահացաւ, իսկ նոյն ժամանակաշրջանին առողջացածներու թիւը եղաւ 1412։

Վերջին շրջանին նոր վարակեալներու թիւը 1500-ի շեմը գերազանցած էր, ինչ որ ահազանգային բնոյթ ունէր։ Իրերայաջորդ զգուշացումներով եւ միջոցներով այդ թափը որոշ չափով նուազած է, սակայն, առաջին հերթին հազարի շեմէն վար պէտք է իջնէ՝ համաճարակը էապէս զսպելու ճանապարհին շօշափելի ձեռքբերումներու մասին խօսելու նպատակով։ Յամենայնդէպս, առկայ համաճարակի մթնոլորտին մէջ կարեւոր գործօն մըն է, որ առողջացածներու թիւը աւելի բարձր է, քան տուեալ ժամանակահատուածին վարակուածներունը։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020