ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավարին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է զարգացնելու ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ուղղութիւններով։ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի շինիչ, գործընկերային երկխօսութիւնը մեծապէս կը նպաստէ այդ գործընթացին։

Հանդիպման տեւողութեան Կարէն Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան 2017-2022 թուականներու ծրագրի առաջնահերթութիւնները, զանազան բնագաւառներու պարագային նախատեսուած բարեփոխումները եւ հիմնական ընելիքները։

Իր կարգին, ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքի յաւակնոտ եւ տպաւորիչ որակեց Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրն ու բարեփոխումներու օրակարգը։ Ան վերահաստատեց ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի հետ համատեղ աշխատելու, կողմերու միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017