«ԱՆԳԱՐԱ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ԿԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷ ԻՐ ՔԱՅԼԵՐԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԸ ՈՒԶԷ ԿԱՄ ՈՉ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան անդրադարձաւ այս նիւթին եւ իր յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Չավուշօղլու ըսաւ հետեւեալը.

«Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ատրպէյճան Հարաւային Կովկասէ ներս կը ձգտին խաղաղութեան ու կայունութեան։ Բոլորին ի նպաստ է խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը՝ ներառեալ Հայաստանը։ Այս պատճառով Ղարաբաղի յաղթանակէն վերջ Ատրպէյճանի առաջարկները պարզ են, մեր մօտեցումն ալ պարզ է։ Յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցինք, տեսակցութիւնները կը շարունակուին։ Փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման քայլեր ալ առինք եւ կը շարունակենք գործադրել։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն վերջ անկարելի է Ռուսաստանի վրայով դէպի Արեւմուտք ապրանքներ տարանցել, եւ այս պատճառով մեծ կարեւորութիւն ստացած է Միջին միջանցքը։ Ատրպէյճան անկեղծ է, մենք անկեղծ ենք։ Թէ որքան անկեղծ է Հայաստան՝ կ՚ուզենք տեսնել գործնականօրէն։ Մինչեւ այս պահը պատգամներ կան, յայտարարութիւններ կան։ Ճիշդ է, որ ճնշում մըն ալ կայ։ Դուրսէն սփիւռքը, ներսէն մոլեռանդ խումբը։ Սակայն երբ հերթը կը հասնի շօշափելի քայլերու, Հայաստանէն տակաւին այդ շօշափելի քայլերը չենք կրցած տեսնել։ Զանգեզուրի ծրագիրը ներառեալ միւս ծրագրերու պարագային համապարփակ խաղաղութեան համաձանութիւնը… Այսինքն այլեւս այս ղեկավարութիւնը, Փաշինեանի վարչապետութեամբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս նիւթերուն շուրջ խաղաղութեան համար դրական քայլեր պէտք է առնեն։ Խօսոյթը չի բաւեր։ Մենք կը նկատենք խօսոյթները, կ՚ողջունենք, սակայն քայլ կ՚առնէ՞ք, թէ ոչ։ Թուրքիա գործընթացը յառաջ կը տանի Ատրպէյճանի հետ համակարգելով։ Տարածաշրջանէ ներս առնուելիք քայլերը բոլորին ի նպաստ են։ Հայաստանէն ալ այս հարցին շուրջ շօշափելի քայլեր կ՚ակնկալենք»։

Հայկական զանազան լրատուամիջոցներ լայնօրէն արձագանգած են Չավուշօղլուի յայտարարութիւններուն։ Ըստ կարգ մը թարգմանութիւններու, Չավուշօղլու ըսած է հետեւեալը. «Մենք Հայաստանի հետ երկկողմանի ձեւաչափով գործընթացի մը սկսած ենք, սակայն, պէտք չէ մոռնալ, որ ան իրականութեան մէջ եռակողմանի է։ Մենք իւրաքանչիւր քայլը Ատրպէյճանի հետ կը համապատասխանեցնենք՝ Հայաստանը ուզէ կամ ոչ, իրականութիւնը սա է։ Մենք մէկ ազգ, երկու պետութիւն ենք»։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022