ՃԻՏՏԷԷՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ՝ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԳՈՐԾԱՐՔՆԵՐ

Առաջին հայեացքով օրինապահ կը թուի, որ Ճիտտէի վեհաժողովը քննարկած ըլլայ բարի դրացնութեան կանոններուն կառչած մնալու սկզբունքները: Օրակարգը հիմնականին մէջ անվտանգութեան հարցերն են եւ անոր հետ անմիջականօրէն կապուած առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: Այս բոլորին մէջ անշուշտ արաբական երկիրներ-Թել Աւիւ յարաբերութիւններու հաստատումն ու բնականոնացումը կը շարունակեն մնալ առանցքային բաժինը: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ ինչու չէ ճնշումով ու թելադրանքով երկիր առ երկիր գործընթացը կ՚առաջնորդուի դէպի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:

Անվտանգային առումով անորոշութիւնը կը շարունակէ յամենալ Թեհրանի ուղղութեամբ: Մէկ կողմէ Ռիատ-Թեհրան փրոքսի պատերազմները յանգեցնելու, միւս կողմէ հիւլէական բանակցութիւններու շուրջ անհամաձայնութիւնները ընդգծելու, այդուհանդերձ բանակցութիւնները շարունակելու դասական մօտեցումները կը կրկնուին:

Անդրադարձ կայ բնականաբար Ուքրայնայի պատերազմին, եւ անոր դիմաց դիրքորոշումները համակարգելու թելադրանքները ընդգծելիօրէն առկայ են:

Հոս արդէն մօտեցանք թաքնուած կէտին կամ խնամքով անուշադրութեան մատնուող բուն հանգոյցին: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ քարիւղի արտադրման հարցը չէ քննարկուած վեհաժողովին ընթացքին:

Տարակուսելի է յայտարարութեան բովանդակութեան իրաւացիութիւնը: Վեհաժողովին վայրը ինքնին աշխարհաքաղաքական մակարդակով քարիւղի կարեւորագոյն արտադրամաս է:

Ուքրայնայի պատերազմէն ետք այդ արտադրամասին կարեւորութիւնը կրկնապատկուած է: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններ այլընտրանքային շուկաներու որոնումներու մէջ են:

Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցային քաղաքականութիւն կիրարկողները առաւելագոյնս պիտի բնականոնացնեն ուժանիւթ արտահանող երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները: Խնդիրը ո՛չ միայն Ռուսաստանէն ուժանիւթային կախեալութենէն դուրս գալն է, այլ նաեւ ռուսական շուկան հարուածելը: Այս տրամաբանութեամբ ալ կ՚ընկալուի Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի այցելութիւնը Ատրպէյճան: Մանաւանդ երբ նկատենք անոր այցին ընկերակցողին հանգամանքը՝ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթային հարցերով յանձնակատար:

Մինչեւ հոս դիտանկիւնը տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական էր. հիմա փորձենք աշխատցնել հայկական ոսպնեակը:

Գրեթէ միաժամանակ տեղի կ՚ունենան Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա եւ Եւրոպական Միութիւն-Պաքու ուժանիւթային նոր գործարքներու նախապատրաստական աշխատանքները, ինչ որ համակարգումի փաստը կ՚ընդգծէ եւ թիրախային նոյնութիւնը:

Պաքուն այժմ Ռուսաստանը հարուածելու ծրագիրին նպաստելու դիրքին վրայ է: Պաքուն, մանաւանդ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութենէն ետք, ինքնուրոյն չի կրնար երթալ նոր գործարքի: Անպայման անհրաժեշտ է Անգարայի համաձայնութիւնը: Այն Անգարային, որ Մոսկուայի հետ ռազմավարական մերձեցումով նոր գոյավիճակ ստեղծած է Հարաւային Կովկասի մէջ:

Պաքուի ձեռքով Մոսկուային հասցուած հարուածը ուրեմն իր հետեւանքը կրնայ ունենալ ռուս-թրքական համաձայնական գիծին վրայ: Իսկ այդ գիծի ամենէն զգայուն կէտը Արցախն է: Այդ գիծը կ՚երկարի Նախիջեւանէն մինչեւ Ատրպէյճան եւ կ՚անցնի Սիւնիքէն:

Չի բացառուիր, որ այլընտրանքային շուկայ դառնալու նոր պարանաձգութեան առեւտուր մը ղեկավարուի Անգարայի կողմէ: Անգարան նոր խաղաթուղթ մը ունի իր մրցակից-գործակիցին դէմ՝ Պաքուէն ակնկալուած դիրքորոշումները հեռակառավարելով:

Ի դէպ, այս խաղաթուղթը միայն Ռուսաստանի նկատմամբ չէ, այլ նաեւ Արեւմուտքին: Անոր ձեռք բերելիք արդիւնքները կրնան վերադառնալ միջինարեւելեան տարածաշրջան թէ՛ Ռուսաստանէն եւ թէ՛ Արեւմուտքէն կանաչ լոյս ստանալու պահանջով՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անվտանգութեան գօտիներ ձեւաւորելու ծրագիրը գործարկելու համար:

Ճիտտէէն Հարաւային Կովկաս առեւտրական նոր գործարքներու համապատկերն է, որ տեսանելի է:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022