ԿՂԶԵԲՆԱԿ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ 77-ՐԴ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Շաբաթավերջին Մեծ կղզիի մէջ բացուեցաւ կղզեբնակ նկարիչներու աւանդական ցուցահանդէսը, որ այս տարի 77-րդ անգամ կազմակերպուած է։ Կղզեաց մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որու կազմակերպչական աշխատանքները գլուխ հանուած են Թալին Էթեմէզի կողմէ։ Մեր համայնքէն այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին շարք մը յայտնի նկարչուհիներ՝ Ազնիւ Չոպան, Հայկան Քըլըչճան, Իտա Գահրաման, Լիլիան Դանիլեան, Մարի Գավաֆեան, Հրասուն Սերճիօ եւ Գարին Ճինճիօղլու։ Ցուցահանէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2 սեպտեմբեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022