ԿԻՒՄՐԻԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԵՄԵԱՆ» ԹԱՏՐՈՆԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ 152-ՐԴ ԹԱՏԵՐԱՇՐՋԱՆԸ

Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը 152-րդ թատերաշրջանի բացումը կ՚ազդարարէ Սեպտեմբերի 23-ին՝ Վեպերի «Առնէտները» ներկայացմամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին բացատրութիւններ տուած են թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Լուտվիկ Յարութիւնեան եւ տնօրէն Տիգրան Վիրաբեան։ Թատերաշրջանի բացման յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբերի 24-ը կը կարեւորուի առաջնախաղով՝ Յովհաննէս Թումանեանի համանուն հէքեաթի հենքով բեմադրուած «Տէրն ու ծառան» երաժշտական հէքեաթ-ներկայացումը։

«Պատմութիւն ունեցող մշակութային այս օճախի համար նախորդ թատերաշըր-ջանը բեղուն էր, այս թատերաշրջանը եւս պիտի ըլլայ գործօն։ Մինչեւ տարեվերջ թատրոնի խաղացանկը կը համալրուի եւս երեք առաջնախաղերով։ Աճեմեանցիները կը պատրաստուին ներկայացումներով հանդէս գալ Երեւանի թատրոններուն մէջ», ըսաւ Տիգրան Վիրաբեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017