ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԱԾ

Հայկական գորգերու արտադրութիւնը առաջին կիսամեակին 72.2 տոկոսով աճած է։ Այսպէս, հայկական գորգերու արտադրութիւնը այս տարի զգալիօրէն աճած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէէն:

Կոմիտէին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2018 թուականի առաջին կիսամեակին  Հայաստանի մէջ արտադրուած են 12.4 թոն գորգ եւ գորգեղէն, որ 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 72.2 տոկոսով:

Միւս կողմէ, նախորդ տարուան յունուար-յունիս ամիսներուն միջեւ Հայաստանի մէջ արտադրուած է 7.2 թոն գորգ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018