ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏԸ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի աստղը միշտ կը փայլի երաժշտական աշխարհէ ներս։ Հակառակ իր յառաջացած տարիքին ան հանդէս կու գայ համերգներով եւ իր հաղորդակցութիւնը վառ կը պահէ համակիրներուն հետ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ, վերջերս լոյս տեսաւ շահեկան հարցազրոյց մը՝ Այգ Փոթուքեանի հետ, որ կը համարուի Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն մեծագոյն մասնագէտը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած այս հարցազրոյցը։

*

-Դուք ներկայիս Շարլ Ազնաւուրի մեծագոյն մասնագէտն էք։ Առ այդ Դիմագիրքի ձեր էջով ալ շարունակաբար կ՚անդրադառնաք երգիչին կեանքին ու գեղարուեստական գործունէութեան։ Ձեր մէջ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այս գաղափարը։

-Մանկութենէս արդէն Ազնաւուրի երգերը կը սիրէի, բայց 2000 թուականին արդէն համացանցի միջոցաւ սկսայ ա՛լ աւելի խորանալ անոր արուեստի աշխարհին մէջ։ Ըսեմ, թէ ես Պոլիս ծնած եմ։ Հայրս 1971 թուականին մեծ եղբայրս Փարիզ ղրկեց Մխիթարեան վարժարանը ուսանելու նպատակով, ուր աշակերտ էր նաեւ Ազնաւուրի տղան՝ Փաթրիքը։ Ամառը Պոլիս վերադարձին եղբայրս մեզի պատմեց Ֆրանսայի, Ժան Կապէնի եւ Ազնաւուրի երգերու մասին։ Կը յիշեմ այն ատեն վեց տարեկան էի եւ առանց հասկնալու գոց սորվեցայ «Comme ils disent» երգը։ 1974-ին երբ Ֆրանսա եկայ պայմաններու բերումով, մօտէն ծանօթացայ Ազնաւուրի գործերուն եւ ան դարձաւ մեր ընտանիքին մէկ անդամը։ Նախապէս ամէն առտու գրախանութները կը պտըտէի եւ երգիչին վերաբերող ամէն ինչ կը գնէի՝ գիրք, սկաւառակ, ձայներիզ, նկար...։ Իսկ յետոյ, ինչպէս ըսի, սկսայ համացանցի միջոցաւ պրպտումներ ընելու եւ այս անգամ սենեակիս մէջ նստած կրնայի աշխարհի զանազան վայրերէն գնել Ազնաւուրին վերաբերող ամէն ինչ։ Այսօր շատ մեծ հաւաքածոյ մը ունիմ։ Մասնագէտ եմ իր Ֆրանսա եւ Ճաբոն հրատարակուած գործերուն։ Գիտէք, Ազնաւուր նոյնիսկ Սինաթրայէն աւելի մեծ ձայնադարան մը ունի։ Ի մէջ այլոց տեղեկացնեմ, թէ Ազնաւուր ի՛ր ունեցած հաւաքածոն արդէն Երեւան փոխադրած է, որպէսզի 2018-ին իր անունով բացուելիք թանգարանին մէջ ներկայացուի։

-Ներկայիս, ձեզմէ բացի քանի՞ հոգի այսքան մօտէն կը հետաքրքրուի Ազնաւուրի գործերով։

-Կան մասնագէտներ, բայց անո՛նք ալ սրբագրութիւններու համար ինծի կը դիմեն։ Օրինակ՝ «Իւնիվերսալ»ը վերջերս հրապարակեց Ազնաւուրի 60 ձայներիզներու ծաղկաքաղը՝ իւրաքանչիւրը իր տեղեկատուական գիրքով, եւ լրագրող, ֆրանսերէն երգերու մասնագէտ Պերթրան Տիքալի խնդրանքով ես սրբագրեցի բոլոր գրութիւնները։

-Առաջին անգամ ե՞րբ հանդիպեցաք երգիչին։

-1987-ին, երբ Ազնաւուր Palais des Congrès-ի մեծ սրահին մէջ համերգ ունեցաւ, ես «ԱՅԲ» ձայնասփիւռին կողմէ այնտեղ գացի իր հետ հարցազրոյց ունենալու։ Իսկ 2007-ին էր, որ զիս իբրեւ Ազնաւուրագէտ ճանչցաւ։ Լաւ կը յիշեմ ներկայ էի Միշէլ Տրիւքէրի մէկ հաղորդումին՝ նուիրուած Շարլ Թրենէի։ Ես քովս ունէի 1947-ի արխիւ մը,  որ երբեւիցէ չէր հրատարակուած, ուր Ազնաւուր Թրենէի երգերէն մէկը կ՚երգէր։ Իրեն մօտեցայ եւ տեղեկացուցի այդ արխիւին մասին։ Ուզեց, որ իրեն տանիմ, որպէսզի մտիկ ընէ։ Յաջորդ օրը գացի իր գրասենեակը։ Ան իր բոլոր գործակիցները հաւաքեց եւ միասին ունկնդրեցինք 59 տարի առաջուան այդ երգը։ Եւ այդպէս աւելի մը-տերմացանք։ Իսկ երբ Ազնաւուր բաժնուեցաւ իր նախկին գործակատար Լեւոն Սայեանէն եւ իր ձայներիզներու հրատարակիչն ալ փոխուեցաւ, այն ատեն ես իրենց օգնեցի՝ երգերու նոր ցանկը պատրաստելու համար։

-Սիրայօժար մասնակցեցա՞ք այդ աշխատանքին։

-Ո՛չ, արդէն իբրեւ արհեստավարժ մասնագէտ այդ գործով զբաղեցայ։ Ըսեմ, թէ ներկայիս Ազնաւուրի գործակատարը իր զաւակն է՝ Նիքոլան, որուն մօտէն ծանօթ եմ։

-Ուրիշ ի՞նչ հին արձանագրութիւններ կան Ազնաւուրէն։

-Ազնաւուրի ամենէն հին արձանագրութիւնը կը վերաբերի Լոզանի մէջ (1947) Էտիթ Փիաֆի համերգներէն մէկուն, ուր առաջին բաժնին մէջ ան Փիէռ Ռոշին հետ վեց երգ երգած է։

-Որո՞նք են Ազնաւուրի ապագայի ծրագրերը։

-Հետաքրքրական դիպուածով՝ երգիչին ծննդեան 100-ամեակը կը զուգադիպի Փարիզի մէջ կայանալիք ողիմպիական խաղերուն, այլ խօսքով Փարիզի վերջին ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են Ազնաւուրի ծնած տարին՝ 1924-ին։ Ուրեմն 2024-ի համար մեծ ծրագրեր նախատեսուած են։

-Ո՞րն է Ազնաւուրի ամենէն հետաքրքրական կողմը։

-Ազնաւուրի ամենէն յատկանշական գիծը այն է, որ հակառակ միջազգային հեղինակաւոր դէմք մը ըլլալուն՝ առօրեայի մէջ ան սովորական անձ մըն է։

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք իր կապը հայութեան հետ։

-Ըստ իս, ան հարիւր տոկոսով հայ է։

-Դուք ի՞նչ մասնագիտութիւն ունիք։

-Ես ձայնի ճարտարագէտ (ingénieur de son) եմ։ Աշխատակցած եմ «Ազգ» եւ «ԱՅԲ Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռներուն։ Նաեւ ժամագործ եմ եւ 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ժամացոյցներ կը նորոգեմ։ Իսկ 2010-էն ի վեր, Դիմագիրքի էջովս, որ շուտով դարձաւ Շարլ Ազնաւուրի պաշտօնական էջը, իր մասին տեղեկութիւններ կը հրապարակեմ եւ մէկ միլիոնէն աւելի հետեւորդ ունիմ։ Նաեւ տարբեր երգիչներու կամ երաժշտական խումբերու համար համերգներ կը կազմակերպեմ ՝ «Papiers d՚Arménies», «Մեծ պազար» եւ այլն։ Այս առումով վերջին շրջանին «Անաքօ» տափանաւուն հետ կը գործակցինք։

-Ի՞նչ կը մտածէք «Անաքօ» տափանաւու ներկայ կացութեան մասին։

-Այս առթիւ պատասխանատուներու հետ խօսեցայ եւ անոնք կը յուսան, որ պիտի կարենան նոյն վայրին մէջ շարունակել իրենց գործը։ Ես ալ կը յուսամ, որ այդպէս ըլլայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018