ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին Էրտողանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Էրտողան Փութինի նկատառման յանձնեց իր մտահոգութիւնները՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ Հալէպն ու շրջակայքը թիրախ ունենալով իրականացուած վերջին յարձակումներուն եւ արտայայտեց այն մտահոգութիւնը, թէ այդ բոլորին որպէս հետեւանք գաղթի նոր ալիք մը կրնայ յառաջանալ։
Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ Սուրիոյ հիւսիսին ՓԵՏ-ի եւ ԵՓԿ-ի ունեցած կապերուն վրայ՝ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիա կարեւորութիւն կ՚ընծայէ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին նկատմամբ, ներառեալ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ը։
Նկատի ունենալով, որ Փութին յառաջիկայ ամիս «G-20»ի գագաթաժողովին համար պիտի գայ Թուրքիա, երկու ղեկավարները համաձայնեցան՝ որպէսզի այդ ժամանակ առկայ բոլոր նիւթերը քննարկեն ծաւալուն ձեւով։
Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի երէկ հեռախօսազրոց մը ունենալով քննարկեցին Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Անոնք վաղն ալ պիտի ունենան տեսակցութիւն մը Վիեննայի մէջ՝ մասնակցութեամբ Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատիլ Էլ Ճուպէյրի։
Հարկ է նշել, որ նախարարներու այս տեսակցութեան ընդառաջ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ որպէսզի Սուրիոյ օդային մարզէն ներս ռմբակոծումներու ընթացքին կողմերու ռազմաօդանաւերը վտանգաւոր ձեւով չմերձենան իրարու։ Այս համաձայնութիւնը ռազմաօդանաւերուն առընթեր կ՚ընդգրկէ նաեւ անօդաչու թռչող սարքերը։ Ըստ նոյն համաձայնութեան, կողմերը առաջին գործադրութիւններէն վերջ հաւանական խնդիրները վերստին քննարկելու առաջադրութեամբ պիտի ստեղծեն նաեւ աշխատանքային խումբեր։