ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՆԱԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ամսավերջին պիտի իրականացնեն այցելութիւն մը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են միջնորդներու այս ուղեւորութեան ժամանակացոյցը։ Մինչ այդ, երէկ հաղորդուեցաւ, թէ միջնորդները տարածքաշրջանային այցելութեան շրջագծով շփումներ պիտի ունենան նաեւ Արցախի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռանախագահները Ստեփանակերտի մէջ պիտի տեսակցին Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։ Բակօ Սահակեանի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Պապայեանի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, յիշեալ պաշտօնական տեսակցութիւններուն առընթեր չի բացառուիր, որ անպաշտօն ձեւաչափով հանդիպումներ ալ տեղի ունենան այլ պաշտօնատարներու հետ։
«Երբ կ՚ըլլան նման հանդիպումներ, կը քննարկուին շարք մը ուղղութիւններ։ Նախ, յստակ ստեղծուած իրավիճակը։ Առաջին հերթին, բնականաբար ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացուի սահմանային խնդիրներուն վրայ, շեշտը պիտի դրուի խախտումներուն վրայ ու պիտի քննարկուի, թէ ի՛նչ քայլեր կարելի է կատարել այդ խախտումները նուազեցնելու ուղղութեամբ։ Բնականաբար պիտի քննարկուին նաեւ ընդհանուր բանակցային գործընթացն ու տարածքաշրջանային փոփոխութիւնները։ Հաշուի առնելով, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ սահմանային խախտումները նոր դրսեւորումներ ստացած են, անկարելի է շրջանցել նաեւ սահմանին տեղի ունեցող դէպքերուն առընչութեամբ անկախ հետաքննութեան դրութեան ներդրման հարցի բարձրաձայնումը», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ համանախագահներու հետ հանդիպումներու ժամանակ Ստեփանակերտ միշտ պաշտօնապէս կը ներկայացնէ բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք կը մերժուին Պաքուի կողմէ։ Ան շարունակեց.
«Մենք առաջարկեցինք դիպուկահարներու ետ քաշուիլը, բայց Պաքու մշտապէս կը մերժէ։ Նաեւ առաջարկեցինք, որպէսզի տօնական օրերուն՝ տեղական կամ միջազգային, քաղաքական, եկեղեցական, սահմանի վրայ հրադադարի դրութիւնը չխախտուի, սակայն Պաքու կրկին մերժեց։ Այս անգամ, նոյնպէս, մենք շարք մը առաջարկներ պիտի ընենք համանախագահներուն, բայց կը կարծեմ, որ համանախագահները պէտք է հիմնական շեշտը դնեն ազէրի կողմին վրայ՝ զայն շինիչ դաշտ բերելու համար»։
Դաւիթ Պապայեանի համոզմամբ, այս բոլորի տեսանկիւնէն շատ կարեւոր պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յառաջիկային նախատեսուած հանդիպումը։ «Թէեւ իւրաքանչիւր հանդիպումէն յետոյ Ալիեւ կը խոստանայ բան մը, կը կատարէ հակառակը ու կը խախտէ միջազգային իրաւունքը, այդ ձեւով իմաստազրկելով նաեւ իր իսկ խօսքերը, սակայն եթէ յառաջիկային կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը, սա պիտի ըլլայ կարեւոր ու ազդեցիկ՝ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ընդհանուր առմամբ պահպանելու համար», ըսաւ ան։