ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ. «ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ ՄԵԶԻ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ, ՈՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՀԱՍՆԻԼ ՄԵԶԻ ՆՄԱՆ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԵՒ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ»

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ դամբանական մը խօսեցաւ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան տխուր առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սղագրութիւնը։

*

Բարձրաշնորհ սրբազան հայր եւ սիրելի սգակիր բարեկամներ,

Արա Կիւլէրը այսօր ցաւ ի սիրտ կը ճամբենք յաւերժութեան։ Այս տխուր պահուն ես պիտի ուզէի խօսիլ հայերէնով, մեր մայրենիով, իր մկրտուած ու այսօր ալ յուղարկաւորուած եկեղեցւոյ աղօթքի, պաշտամունքի լեզուով։ Հոգ չէ թէ մեզմէ ոմանք պիտի չհասկնան, որովհետեւ այսօրուան մեր զգացումներով իրականութեան մէջ բոլորս զիրար կը հասկնանք եւ Արա Կիւլէրի սիրով կը բացուինք իրարու։

Արա Կիւլէրի ոդիսականը մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ շատ յատկանշական է։ Ան առաջին անգամ իր գործերը համայնքային մամուլի մը, փոքրամասնական թերթի մը մէջ ներկայացուց հանրութեան եւ այդ կէտէն սկսելով հասաւ մինչեւ միջազգային մետիայի գագաթը։ Սա մեր համայնքին տեսակէտէ շատ կարեւոր երեւոյթ մըն է, որովհետեւ մեզ կը յուսադրէ մեր գոյատեւման, մեր ինքնութիւնը պահելու պայքարին մէջ։ Ան մեզի ցոյց տուաւ, որ կարելի է հասնիլ մեզի նման փոքրիկ հաւաքականութենէ մը եւ դառնալ համաշխարհային մեծութիւն։

Այսօր կը յիշեմ այն օրը, երբ առաջին անգամ այցելած էի իրեն։ Աշխատանոցի դրան վրայ գրուած էր. «Սրբեցէ՛ք ձեր ոտքերը»։ Եւ երբ ներս մտայ, անմիջապէս հարցուց. «Ոտքերդ սրբեցի՞ր»։ Այսօրուան նման թեթեւ անձրեւոտ օր մըն էր եւ գրասենեակի գետնի գորգը՝ բաց գոյն։ «Այո», ըսի եւ սկսանք զրուցել։ Ճիշդ այդ օրուան նմանութեամբ այսօր ալ մաքուր սրտով եկած ենք իրեն հրաժեշտ տալու։ Սրտի մաքրութեամբ, անկեղծու-թեամբ, աղօթքով կը մաղ-թենք, որ իր յաւիտենական հանգիստը ըլլայ խա-ղաղ։ Տխուր ենք այս բաժանման պահուն ու մեր սրտերուն մէջ կը պահենք իրմէ քաղցր յուշեր։

Աստուած լուսաւորէ հոգին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018