ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Տօնական Ձեռնարկներ

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը Ա­մա­նո­րեայ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ պի­տի ծախ­սէ 39 մի­լիոն դրամ՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րու հա­մե­մատ մօ­տա­ւո­րա­պէս 20 մի­լիոն դրամ նուազ: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ Ա­րամ Սու­քիա­սեան վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցու­ցած է՝ «Նոր Տա­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ 2017» ձեռ­նարկ­նե­րու ծրա­գի­րը:

Տօ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը սկսան Դեկ­տեմ­բե­րի 19-ին: Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ լու­սա­ւո­րուե­ցան գլխա­ւոր տօ­նա­ծա­ռին լոյ­սե­րը եւ միա­ցուե­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քին տօ­նա­կան ար­տա­քին լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը: Պիւտ­ճէի կրճատ­ման պատ­ճա­ռով այս տա­րի տօ­նա­կան հիմ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր պի­տի ձե­ւա­ւո­րուի հէ­քեա­թա­յին սա­ռոյ­ցէ քա­ղաք:

Բաց աս­տի,  Ա­մա­նո­րի գի­շե­րը մեթ­րոն պի­տի աշ­խա­տի մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 2-ը: Ձեռ­նարկ­նե­րու ծրագ­րին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ ըն­կե­րա­յին  բնա­գա­ւա­ռը: Նուէր­նե­րու ծրար­ներ նա­խա­պատ­րաս­տուած են մօ­տա­ւո­րա­պէս 40 հա­զար փոք­րիկ­նե­րու հա­մար, իսկ 23 հա­զար ըն­տա­նի­քի պի­տի տրա­մադ­րուի պա­րէ­նա­յին ա­ջակ­ցու­թիւն:

Մինչ այդ, 4 հա­զար փոք­րիկ ալ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ թատ­րոն­նե­րու մէջ ա­մա­նո­րեայ ներ­կա­յա­ցում­ներ դի­տե­լու: Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­մա­նո­րեայ ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի ամ­փո­փուին Յու­նուա­րի 13-ին՝ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­նա­լիք տօ­նա­կան ե­լոյ­թով: Յու­նուա­րի 2-5 թուա­կան­նե­րուն, ժա­մը 11.00-17.00-ի մի­ջեւ այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար բաց պի­տի ըլ­լան Ե­րե­ւա­նի Պատ­մու­թեան եւ Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւես­տի թան­գա­րան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Է­րե­բու­նի պատ­մա­կան հնա­գի­տա­կան ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016