ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆՈՐ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Սօս Սարգ­սեա­նի ա­նուան Հա­մազ­գա­յին թատ­րո­նի տնօ­րէ­նու­թեան ո­րոշ­մամբ՝ Հա­մազ­գա­յին թատ­րո­նի գեղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար նշա­նակ­ուած է բե­մա­դիր, թա­տե­րա­գիր Վի­գէն Չալտ­րան­եա­ն: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, այս մա­սին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ հան­դիպ­մա­ն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեա­ն: «Յար­գե­լով եւ գ­­նա­հա­տե­լով մեծ վար­պե­տի՝ Սօս Սարգ­սեա­նի յի­շա­տա­կը, կ՚ու­զենք թատ­րո­նին նոր շունչ հա­ղոր­դել, թարմ խա­ղա­ցանկ եւ զայն դուրս բե­րել մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզ: Հա­մո­զուած եմ, որ Չալտ­րան­եան իր փոր­ձով, ան­ցած ու­ղիով եւ մաս­նա­գի­տա­կան բարձր վար­պե­տու­թեամբ մեծ օ­գուտ կը բե­րէ թատ­րո­նին», նշեց նա­խա­րա­րը:

Խօ­սե­լով թատ­րո­նի շէն­քի մա­սին՝ Ար­մէն Ա­մի­րեան ընդգ­ծեց, որ հար­ցը քննարկ­ման փու­լի մէջ է եւ ի­րենք ար­դէն ու­նին տար­բե­րակ­ներ, սա­կայն ո­րո­շու­մը դեռ հաս­տա­տուած չէ, այդ իսկ պատ­ճա­ռով ին­ք չ՚ու­զեր ման­րա­մաս­ներ ներ­կա­յաց­նել:

Հա­մազ­գա­յին թատ­րո­նի տնօ­րէն Վար­դան Մկրտչեա­նի խօս­քով՝ թատ­րո­նի հիմ­նա­դիր եւ ի­րենց ու­սու­ցիչ Սօս Սարգ­սեա­նէն յե­տոյ անհ­նար կը թուէր այլ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րի առ­կա­յու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նոր դե­րը չա­փա­զանց մեծ էր ի­րենց կեան­քին մէջ: «Կը կար­ծեմ՝ գտած ենք այն ճիշդ մար­դը, որ կրնայ ստանձ­նել այդ ծանր բե­ռը: Կը շնոր­հա­վո­րեմ Վի­գէն Չալ­տրա­նեա­նը եւ կը փա­փա­քիմ ը­սել, որ շատ սպա­սե­լիք­ներ ու­նինք ի­րմէ», շեշ­տեց տնօ­րէ­նը: «Ես ոչ թէ պաշ­տօն, այլ ա­ռա­քե­լու­թիւն կը ստանձ­նեմ: Այս ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բի հետ կ՚ու­զեմ ստեղ­ծել ա­ռողջ ըն­տա­նիք եւ քայ­լել ա­րուես­տի ճա­նա­պար­հով: Այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կրնամ ի­րա­կա­նաց­նել իւ­րա­քան­չիւ­րիդ ա­ջակ­ցու­թեամբ», ընդգ­ծեց Չալտ­րա­նեա­ն:

Նոր գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րը ը­սաւ, որ քաջ ծա­նօթ է թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան հետ եւ կը կար­ծէ, որ լա­ւա­գոյն­նե­րը ներգ­րա­ւուած են այն­տեղ: «Կը փա­փա­քիմ, որ Հա­մազ­գա­յի­նը դառ­նայ ա­ռողջ, մրցու­նակ թատ­րոն: Ին­ծի հա­մար թատ­րո­նը ա­ռող­ջա­րան է. հան­դի­սա­տե­սը պէտք է դի­տէ ներ­կա­յա­ցու­մը, ա­ռող­ջա­նայ ու եր­թայ իր միւս գոր­ծե­րուն, ե­թէ այդ­պէս չէ, ա­պա ան չի ծա­ռա­յեր իր նպա­տա­կին», նշեց ան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով շար­ժա­րուես­տի իր աշ­խա­տան­քին՝ Չալտ­րա­նեան ը­սաւ, որ շար­ժա­րուես­տը պէտք է համ­բե­րէ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս։

Նոր գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րը թէեւ ման­րա­մասն չներ­կա­յաց­ուց թատ­րո­նի հետ կա­պուած իր ծրագ­րե­րը, սա­կայն նշեց, որ կը պատ­րաստ­ուի անդ­րա­դառ­նալ ինչ­պէս հայ, այն­պէս ալ ար­տա­սահ­մա­նեան դա­սա­կան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն:

Չալտ­րա­նեա­նի խօս­քով՝ ինք իս­կա­պէս եր­ջա­նիկ է գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար եւ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը զգայ ինչ­պէս թա­տե­րա­խում­բի, այն­պէս ալ հան­դի­սա­տե­սի նկատ­մամբ:

Շար­ժան­կա­րի բե­մա­դիր, դե­րա­սան, թա­տե­րա­գիր, ար­տադ­րող Վի­գէն Չալտ­րա­նեա­ն ծ­նած է 1955 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 26-ին, Եր­ե­ւա­նի մէջ: Ան կը կրէ սա­սուն­ցի իր պա­պի ա­նու­նը՝ Վա­ղար­շակ, այ­սօր, սա­կայն, շար­ժա­րուես­տի աշ­խար­հին յայտ­նի է Վի­գէն ա­նու­նով։ Ա­ռա­ւել յայտ­նի է «Ապ­րիլ», «Ձայն բար­բա­ռոյ…», «Տէր ո­ղոր­մեա», «Լռու­թեան սիմ­ֆո­նիա», «Քրմու­հին» ժա­պա­ւէն­նե­րով։ «Ձայն բար­բա­ռոյ…» ժա­պա­ւէ­նին հա­մար ար­ժա­նա­ցած է Հիւս­թը­նի հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի «Ոս­կէ մրցա­նա­կին»։ 2001 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 10-րդ տա­րե­դար­ձի կա­պակ­ցու­թեամբ պար­գե­ւատր­ուած է «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» մե­տայ­լով։ 2006 թուա­կա­նին ստա­ցած է Հա­յաս­տա­նի սի­նե­մա­թօկ­րա­ֆիստ­նե­րու միու­թեան «Ա­նա­հիտ» մրցա­նա­կը՝ հայ շար­ժանկ­րաի մեծ ա­ւանդ ներդ­նե­լու հա­մար։ 2007 թուա­կա­նին ա­նոր շնորհ­ուած է Հա­յաս­տա­նի ա­րուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի պա­տուա­ւոր կո­չում: Չալտ­րա­նեա­ն որ­պէս բե­մա­դիր եւ դե­րա­սան աշ­խա­տած է Հա­յաս­տա­նի գրե­թէ բո­լոր թատ­րոն­նե­րուն մէջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016