ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒ

Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Երէկ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս քննարկում մը տեղի ունեցաւ այս հարցին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերջերս Երուսաղէմը ճանչցաւ՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք։ Այս իրադարձութիւնը փոթորիկ մը ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Իսլամական աշխարհի երկիրները, նաեւ այլ միջազգային յառաջատար դերակատարներ վերապահութեամբ ընկալեցին այս որոշումը։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս նախընթաց օր այս հարցը քննարկուեցաւ եւ աւարտին ԱՄՆ-ի կողմէ վեթոյի իրաւունք օգտագործուեցաւ ներկայացուած բանաձեւին դէմ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին ճգնաժամը ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ եկաւ։ Երէկ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ այդ քննարկումը, որու արդիւնքին ընդունուեցաւ կարեւոր բանաձեւ մը։ Այսպէս, աշխարհի 128 երկիրներ ուղղակիօրէն դէմ հանդէս եկան ԱՄՆ-ի որոշման։

Թուրքիոյ եւ Եմէնի ներկայացուցիչներուն կողմէ պատրաստուած եւ օրակարգի վրայ բերուած այս բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի բանակցութիւններու արդիւնքով։ Կոչ ուղղուած է բոլոր պետութիւններուն՝ որպէսզի չտեղակայեն իրենց դեսպանատուները Երուսաղէմի մէջ։ Մինչ այդ շեշտուած է, որ Երուսաղէմը որպէս մայրաքաղաք ճանչնալու բոլոր քայլերը պիտի դիտարկուին առ ոչինչ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքով՝ 128 երկիրներ կողմ քուէարկեցին այս բանաձեւին։ 35 երկիր մնաց ձեռնպահ, իսկ 9 երկիր ալ քուէարկեց դէմ։ Դէմ քուէարկող 9 երկիրներու շարքին կը գտնուէին ԱՄՆ եւ Իսրայէլ։ Ընդունուած բանաձեւով կոչ ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն՝ որպէսզի յետս կոչէ Երուսաղէմը՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու իր որոշումը։ Նիւ Եորքի քուէարկութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ հետաքրքրական պատկեր մը։ Արդարեւ, Երուսաղէմի ճգնաժամի պարագային նոյն ճամբարին մէջ յայտնուեցան Երեւան եւ Պաքու։ Բնականաբար, միջազգային այս կարեւոր խնդրի կապակցութեամբ յատկանշական էր, որ համընկնեցաւ նաեւ Երեւանի եւ Անգարայի դիրքորոշումը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը այս նիւթին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի վերաբերեալ բոլոր զարգացումներուն՝ քանի որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ Վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մին։ «Հայաստան արդէն իսկ յայտարարած է Երուսաղէմի կարգավիճակի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը եւ այդ մէկը կը մնայ անփոփոխ։ Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներէն մին է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցաւ՝ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կողմերու համար ընդունելի կարգաւորման համատեսքի մէջ։ Սա կրնայ ճանապարհ հարթել տեւական անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար», նշեց բանբերը։

Տիգրան Բալայեան ընդգծեց, որ Երուսաղէմի մէջ գոյութիւն ունի բազմադարեան հայկական ներկայութիւն, հարուստ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւն։ «Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմի առընչութեամբ բոլոր զարգացումներուն», ըսաւ ան։ Նկատի ունենալով Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին շրջանին արտայայտուած դիրքորոշումները՝ բանբերը ընդգծեց, որ անոնք չեն կանխորոշեր բանակցութիւններու միջոցաւ Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի սահմանումը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017