ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան աւարտեց դէպի Փարիզ իր աշխատանքային այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան ընթացքին ան շփումներ ունեցաւ Ֆրանսայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանրապէս ներդաշնակ քննարկումներ ծաւալուեցան Նալպանտեանի շփումներու ծիրէն ներս։

Այցելութեան եզրափակիչ փուլին, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դիւանագիտական հարցերով աւագ խորհրդականին հետ։ Այսպէս, Ֆրանսայի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Էթիէն հիւրընկալեց Եդուարդ Նալպանտեանը։ Զրուցակիցները հանգամանալից քննարկեցին հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերը։ Նալպանտեան եւ Էթիէն կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ շարք մը խնդիրներու շուրջ։

Օր մը առաջ ալ Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին ան անդրադարձաւ իր Ֆրանսա այցելութեան նպատակներուն եւ օրակարգին, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման նպատակով ձեռնարկուած քայլերուն։ Նախարարը հանգամանալից անդրադարձ կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն։

Նալպանտեան ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տեղեկացուց Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով նախատեսուած համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին։ Ան միեւնոյն ժամանակ հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուց միջազգային ու տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումները, հայկական կողմի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։

Հաւաքոյթի տեւողութեան Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Վիեննայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի արդիւնքներուն, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի շրջանային նախագահ դառնալուն։ Ֆրանսահայ համայնքին ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ առանձնայատուկ տեղ յատկացուեցաւ Երեւանի մէջ յաջորդ տարի նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Հանդիպման ընթացքին Նալպանտեան պատասխանեց նաեւ հաւաքոյթի մասնակիցներու բազմաթիւ հարցումներուն։

Երէկ, Փարիզի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան այցելեց նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնը, ուր հիւրընկալուեցաւ ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Նալպանտեան շնորհաւորեց պաշտօնին նոր կոչուած ընդհանուր տնօրէնը, որու հետ քննարկեց ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ Հայաստանի համագործակցութեան, կազմակերպութեան ընդհանուր գործունէութեան զանազան ոլորտներուն վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հիմնական նպատակներուն՝ մասնաւորապէս գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներէ ներս համատեղ ծրագրերու իրականացման, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017