ՏԵՂԱՊԱՀԻՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարեց, որ տարիներէ ի վեր ձգձգուած պատրիարքական ընտրութեան հարցին լուծումը կախում ունի տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանէն։ «Գարեգին սրբազան ինքն է, որ պիտի որոշէ։ Եթէ ընտրութիւն կ՚ուզէ եւ պետութիւնը զինքը չի ճանչնար, ուրեմն պիտի ըսէ՝ մնաք բարով եւ պիտի քաշուի։ Իսկ ան միթէ կ՚ուզէ՞ քաշուիլ։ Կ՚ըսէ, որ եթէ իրեն նամակ մը գրուի, ապա կը քաշուի։ Եթէ չքաշուի, ապա չեմ գիտեր՝ այսպէս կը շարունակուի։ Եւ մենք ըսինք իրեն, աշխարհականներէն ոմանք ալ ըսին, բայց առ այժմ կը մնայ յամառօրէն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ տեղապահը իր ակնկալած այդ գրութիւնը պիտի չունենայ, որովհետեւ պետութիւնը նամակ չ՚ուղարկեր անձի մը, որու հանգամանքը չի ճանչնար։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ պատրիարքական ընտրութեան առկայ տագնապին։ «Առանց պետութեան թոյլտուութեան մենք չենք կրնար ունենալ նոր գահակալ մը, իսկ սա կը նշանակէ, որ առ այժմ ընտրութիւն տեղի չ՚ունենար։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պէտք է ետ քաշուի տեղապահի պաշտօնէն՝ որպէսզի տեղի ունենան ընտրութիւններ», յայտնեց ան։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի երէկուան յայտարարութիւնները կ՚ենթադրեն արմատական խիստ պահանջներ։ Սա, ըստ երեւոյթին, իր կողմէ ակնյայտ վերջնագիր մըն է՝ ներկայացուած տեղապահին։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդգծեց, որ ինք ապստամբ մը չէ։ «Եթէ պաշտօնի գլուխ մնացած ըլլայի, ապա մենք այսօր կ՚ընտրէինք նոր պատրիարք մը», աւելցուց ան։

Նորին սրբազնութեան խօսքերուն արձագանգ հանդիսացան Հայաստանի գրեթէ բոլոր յառաջատար լրատուական աղբիւրները։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղիին շուրջ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով՝ ան նշեց. «Ես քանի մը անգամ ըսած եմ, որ իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովելէ վերջ պէտք է առնուին ընտրութեան գործընթացի մնացեալ քայլերը, սակայն կատարուեցաւ ճիշդ հակառակը։ Այս պատճառով ալ դժբախտաբար ստեղծուեցաւ առկայ իրավիճակը»։ Ան այս մանրամասնութիւնը փոխանցեց բացատրելու համար իր եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած տարակարծութիւններուն պատճառը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ իրենք հոգեւոր եղբայրներ են, մարդկային հարց մը չունին, սակայն այս կապակցութեամբ չեն կրցած յաղթահարել տարակարծութիւնները։

Երեւանի մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Իսթանպուլի կուսակալութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման շուրջ։ Իր խօսքերով՝ Իսթանպուլի կուսակալը պաշտօնապէս յայտնած է, որ պետութիւնը դէմ չէ ընտրութեան, սակայն մատնանշելով ընթացակարգային թերացումները՝ նշած է, որ պէտք է վերահաստատուի այս գործընթացի սկզբնական փուլի կացութիւնը ու վերսկսի ամէն ինչ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017