ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, շփումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ իր այս ուղեւորութիւնը։ Այսօր, Սերժ Սարգսեան Էլիզէի պալատէն ներս կը հիւրընկալուի իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։

Սերժ Սարգսեանի Փարիզի շփումները սկսան երէկ։ Իր ծրագրի առաջին փուլը հանդիսացաւ Փարիզի քաղաքապետարանը, ուր ան հիւրընկալուեցաւ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէ։ Զրոյցին ի շարունակութիւն Փարիզի քաղաքապետարանի երդիքին տակ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Սերժ Սարգսեանին։ Այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ ֆրանսահայ շրջանակներէն բազում դէմքեր։

Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան առաջնորդուեցաւ Լիւքսեմպուրկեան պալատ, ուր ընդունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ։

Փարիզի շփումները աւարտելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան կ՚անցնի Սթրազպուրկ, ուր մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին եւ կ՚ունենայ ելոյթ մը։

 

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018