ԼՐԻՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թուրք զինեալ ուժերը ազդու ձեւով յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը՝ Սուրիոյ հիւսիսի ահաբեկչական լծակներուն դէմ։ Վերջին երեք օրերուն ընթացքին բանակը արձանագրած է լուրջ յառաջխաղացում եւ այդ ընթացքին իր հակակշռին տակ անցած են տարածքներ, ուր հաստատած է լրիւ վերահսկողութիւն։

Երէկ, կառավարութեան բանբերը՝ փոխ-վարչապետ Պեքիր Պոզտաղ հանդէս եկաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի գլխաւորութեամբ գումարուած Նախարարաց խորհուրդի նիստին ժամանակ Պեքիր Պոզտաղ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տուած բացատրութիւններուն մէջ կառավարութեան բանբերը մասնաւորապէս շեշտեց, որ այս գործողութեան միակ թիրախը կը հանդիսանան ահաբեկչական կազմակերպութիւնները։ Ըստ իրեն, Թուրքիա որեւէ երաշխիք չէ տուած Ռուսաստանին կամ այլ երկրի մը։ Այս գործողութիւնները Թուրքիոյ տեսակէտէ չեն եղած նախընտրութիւն մը, այլ կը հանդիսանան պարտադրանքի մը հետեւանքը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, կառավարութեան բանբերը շեշտեց նաեւ, որ գործողութիւնները բացարձակապէս տարածքաշրջանէ ներս բնակող քիւրտերուն ուղղուած չեն։

Իր կարգին, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ կրկնեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները պիտի շարունակուին՝ մինչեւ որ տարածքաշրջանէ ներս չմնայ մէկ իսկ ահաբեկիչ։

Գործողութիւններու առաջին երեք օրուան արդիւնքը նախատեսուած ձեւը ունի։ Չորրորդ օրուան սկիզբին դրութեամբ արդէն Թուրք զինեալ ուժերը գործողութեան մը անցած են նաեւ դէպի Ազէզ։ Բանակը Աֆրինի վրայ յառաջխաղացման անցած է Ազէզի միջոցաւ։ Աֆրինի եւ շրջակայքին 14 կէտերու վրայ ամբողջութեամբ մաքրագործուած են ԵՓԿ-ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի ահաբեկիչները։ Թրքական ռազմաօդային ուժերն ալ ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի թիրախները առած են կրակի տակ։ Ըստ վերջին լուրերուն, բախումները կը շարունակուին Պուրսէյա լերան լանջերուն։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը երէկ դարձեալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան։ Սպիտակ տան աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ուաշինկթըն լրջութիւն կը ցուցաբերէ Անգարայի՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ օրինական մտահոգութիւններուն նկատմամբ։ Սպիտակ տունը տեղեկացուց նաեւ, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է եւ ամերիկեան կողմը կը շարունակէ աշխատիլ անոր հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018