ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կ՚այցելէ Տաւոս, ուր կը մասնակցի Համաշխարհին տնտեսական ֆորումի ժողովներուն։ Երկար ժամանակէ ի վեր տարեկան այս կարեւոր համաժողովին Հայաստանի կողմէ այսքան բարձր մակարդակի վրայ մասնակցութիւն մը չէր եղած։ «Ստեղծելով համատեղ ապագայ պառակտուած աշխարհի մէջ» խորագրով կազմակերպուած է Տաւոսի այս տարուան համաժողովը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տաւոսի մէջ, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս նախատեսուած են Կարէն Կարապետեանի շարք մը երկկողմանի եւ բազմակողմանի հանդիպումները՝ այլ պետութիւններու ղեկավարներու, միջազգային կառոյցներու եւ գործարար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Կարէն Կարապետեան կը մասնակցի նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու (IGWEL) անպաշտօն հաւաքին։ Երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ նախատեսուած այս շփումներուն ընթացքին Կարէն Կարապետեան կը ներկայացնէ Հայաստանի տնտեսական ներուժը եւ հնարաւորութիւնները։ Հայաստանի վարչապետը արդէն մասնակցեցաւ «Քրիստալ» 24-րդ տարեկան մրցանակաբաշխութեան բացման արարողութեան։ Բաց աստի, ան մասնակցեցաւ համաժողովի մասնակիցներուն ի պատիւ ֆորումի հիմնադիր ու գործադիր նախագահ Քլաուս Շվապի կողմէ սարքուած ընդունելութեան։

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ժողովներուն մասնակցելէ առաջ, Կարէն Կարապետեան Ցիւրիխի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիա-Հայաստան առեւտրային պալատի ներկայացուցիչներուն եւ շարք մը զուիցերահայ գործարարներու հետ։ Հաւաքոյթի սեղանի շուրջ համախմբուած ներկաներուն խօսք ուղղելով Կարէն Կարապետեան գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը վերջին տարուան ընթացքին շուրջ երեքուկէս անգամ աւելցած է։ «Այսօր ձեզի ուղղուած իմ պատգամը պարզ ու անկեղծ է։ Եկէք ու գործարարութեամբ զբաղեցէք Հայաստանի մէջ, եկէք ու ներդրումներ ըրէք Հայաստանի մէջ։ Մեր երկիրը ներդրումներ կատարելու եւ գործարարութեամբ զբաղելու արժանի վայր մըն է։ Մենք նշանակալի բարեփոխումներու նախաձեռնած ենք զանազան ոլորտներու մէջ, մենք կը բարելաւենք գործարար միջավայրն ու մթնոլորտը՝ խթանելու տեղական ձեռներէցութիւնն ու օտարերկրեայ ներդրումներու ներգրաւումը։ Մենք կը բարելաւենք զբօսաշրջային ոլորտն ու ծառայութիւնները», ըսաւ Կարէն Կարապետեան հաւաքոյթի ընթացքին։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան հարցազրոյց մը տուաւ «ՌԻԱ-Նովոստի» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ գործարարութիւն իրականացնելու լաւագոյն ժամանակն է։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018