ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԸ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, որ կը գլխաւորէ միութեան Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան նախարարը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի իրականացուցած աշխատանքները Հայաստանի կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ։ Հրանոյշ Յակոբեան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահութեան ոլորտին մէջ սուրիահայերու ցուցաբերուած աջակցութեան եւ համատեղ իրականացուած աշխատանքներուն համար։ Նախարարը յատկապէս ընդգծեց ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ բազմաբուժարանական ծառայութիւններու մէջ սուրիահայ բժիշկներու ներգրաւումը եւ սուրիահայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած բժշկական աջակցութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հայրենադարձութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ հայրենադարձութեան հարցին մէջ ՀԲԸՄ միշտ եղած է գլխաւոր յենասիւններէն մին եւ այսօր ալ իր մեծ դերը պէտք է ունենայ այդ ուղղութեամբ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ սուրիահայոց համարկման գործին ժամանակ ձեռք բերուած փորձառութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018