ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ «ԱՐՍԷՆԱԼ»

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան այլեւս պիտի կրէ Լոնտոնի ակումբներէն «Արսէնալ»ի մարզաշապիկը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հենրիխ Մխիթարեան «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կազմին մէջ էր, սակայն գործնականօրէն գրեթէ հեռու մնացած էր ֆութպոլէն, որովհետեւ զանազան պատճառներով կայուն ձեւով չէր մասնակցեր ակումբի խաղերուն։ Այս մթնոլորտին մէջ արդէն օրակարգի վրայ եկած էր Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցումը։ Աշխարհի զանազան յառաջատար ակումբներու անունները շրջագայութեան մէջ մտած էին իր պարագային։ Ի վերջոյ, երէկ, պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիայէն պիտի չհեռանայ։ Արդարեւ, իր փոխանցումը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ եւ ան երէկուան դրութեամբ արդէն մաս կը կազմէ Լոնտոնի նշանաւոր «Արսէնալ» ակումբին։

Այս փոխանցման կապակցութեամբ Հենրիխ Մխիթարեան յայտնեց, որ իր երազանքը իրականացած է։ Անգլիական ակումբն ալ  իր կայքէջին վրայ պաշտօնապէս ողջունեց Հենրիխ Մխիթարեանը։ Իր կարգին, «Արսէնալ»ի աւագ մարզիչ Արսէն Վենկերն ալ յայտնեց, որ Մխիթարեանի կողմէ արձանագրուած կոլերը տպաւորիչ են։

Այսպէսով, 29-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեանի ֆութպոլի ճանապարհորդութեան մէջ բացուած է նոր էջ մը։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018