ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՆԵՉԻՐՎԱՆ ՊԱՐԶԱՆԻԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, նախընթաց օր Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այս առթիւ մատնանշեց, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Երեւան կը կարեւորէ բարեկամ Իրաքի, ներառեալ՝ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան հետ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Երկու երկիրներու աշխոյժ յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ հայկական կողմը պիտի շարունակէ աշխուժացնել ու խորացնել կապերը նաեւ անմիջականօրէն Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան հետ։ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ այս ուղղութեամբ կարեւոր նպաստաւոր գործօն մը կը համարուի ներկայութիւնը այն հայոց, որոնք կ՚ապրին իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ՝ իրենց նպաստը բերելով անոնց զարգացման։ 

Հաւանական համագործակցութեան ոլորտներու շարքին դասուեցան տեղեկատուական փորձագիտութիւնները, ստեղծագործ կրթութիւնը, զբօսաշրջութիւնն ու ելեկտրոնային կառավարումը։ Ըստ Արմէն Սարգսեանի, հայկական կողմը պատրաստակամ է տրամադրել իր փորձառութիւնը ելեկտրոնային կառավարման ոլորտի մէջ։

Առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումէն բացի, որպէս համագործակցութեան ոլորտ՝ զրուցակիցները հեռանկարային համարեցին բարձրագոյն կրթութիւնը՝ մանաւանդ Հայաստանի համալսարաններէն ներս Իրաքէն կամ իրաքեան Քիւրտիստանէն ուսանողներու կրթութիւն ստանալը։

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020