ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՆԻՍՏ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ընդլայնուած կազմով ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Ժողովի սկիզբին Փաշինեան տեղեկացուց, որ օրակարգի վրայ կը գտնուին ընթացիկ հարցեր։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ Կարսի մէջ յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին նախատեսուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ ռազմափորձերուն կապակցութեամբ։

Պատասխանելով լրատուամիջոցի մը հարցման՝ Աննա Նաղդալեան անդրադարձաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութեան, ըստ որու եթէ խաղաղութիւնը երկարատեւ ըլլայ, ապա Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պատրաստ են քայլերու ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Արդեօք հայկական կողմը պատրա՞ստ է եւ այս առումով որեւէ նախաձեռնութիւն նկատուա՞ծ է թրքական կողմէն։

Այս բոլորին կապակցութեամբ բանբերը ըսաւ, որ չի փափաքիր մեկնաբանել թուրք-ատրպէյճանական ղեկավարութիւններու յայտարարութիւնները, որոնք որեւէ ձեւով գործողութիւններով չեն ամրապնդուիր։ Աւելի՛ն, ըստ բանբերին, անոնք կը հակասեն իրարու։ Աննա Նաղդալեան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու խախտումներով Հայաստանի սահմաններուն մօտ իրականացուելիք թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները չեն վկայեր, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խաղաղ մտադրութիւններ ունին Հայաստանի նկատմամբ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի դէմ թշնամական գործողութիւններու դադրեցումը կրնայ պայմաններ ստեղծել տարածքաշրջանէ ներս վստահութեան ձեւաւորման համար։

Հարկ է նշել, որ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ Կարսի մէջ նախատեսուած «Ձմեռ 2021» ռազմափորձերու նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021