ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այս շաբաթավերջին կը ձեռնարկէ իր ուղեւորութեան՝ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ։ Առաջին հերթին ան վաղը կ՚այցելէ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան բանակցութիւններ կը վարէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Պաքուի ղեկավարութեան այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճեւատ Զարիֆ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ մտադիր է քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներու ազատագրումէն վերջ ստեղծուած համագործակցութեան հնարաւորութիւնները տարածքաշրջանէ ներս՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնման ուղղեալ աշխատանքներուն Իրանի ընկերութիւններու մասնակցութեան հաւանականութիւնը։

Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան մայրուղիի մը հաւանական կառուցումը շեշտակի պիտի կրճատէ Իրանի դերակատարութիւնը։ Արդարեւ, Ատրպէյճան ցայսօր Նախիջեւանի միջեւ օդային եւ ցամաքային կապը կ՚իրականացնէր Իրանի վրայով։ Իսկ այդ նոր մայրուղիի կառուցման շուրջ արդէն համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով։

Պաքուի առընթեր, տարածքաշրջանային ուղեւորութեան ամբողջին մէջ Ճեւատ Զարիֆ պիտի այցելէ նաեւ Երեւան, Մոսկուա եւ Թիֆլիզ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի՝ 27 յունուարին նախատեսուած են իր շփումները Երեւանի մէջ։

Այս ուղեւորութեան ձեռնարկելէ առաջ Ճեւատ Զարիֆ յայտնած էր, որ պիտի այցելէ այն երկիրները, որոնք կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամէն դուրս գալու եւ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու։

Մոսկուայի վերլուծական շըր-ջանակներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին Ճեւատ Զարիֆի այս ուղեւորութեան ու կը ջանան խորաթափանց մեկնաբանութիւններ ընել անոր նպատակներուն շուրջ։

«Ռեկնում»ի հրատարակութեան մէջ մատնանշուած են զանազան մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Նախիջեւանի նիւթը կը վերաբերի նաեւ Իրանին։ Արդարեւ, Հայաստանի վրայով Թուրքիա-Ատրպէյճան հասանելիութիւնը պիտի նուազեցնէ Թեհրանի ազդեցութիւնը Պաքուի վրայ։ Թուրքիա Ատրպէյճան մտնելու հնարաւորութիւն պիտի ստանայ՝ առանց Իրանի կամ Վրաստանի սահմանը հատելու։ Այս հեռանկարը, անշուշտ, ձեռնտու է Պաքուի եւ Անգարայի համար, որոնք այժմ այս իսկ բանով կը զբաղին փորձելով շրջանցել Թեհրանը։ Ռուսական աղբիւրը կը դիտարկէ, որ առանց հաշուի առնելու բուն Թեհրանն ու իր շահերը, յամենայնդէպս, դիւրին պիտի չըլլայ այդ հարցին լուծումը։ Արդարեւ, տարածքաշրջանային առումով, Իրանն ու Թուրքիան բացայայտ մրցակիցներ են, որոնց շահերը տրամագիծօրէն հակառակ են՝ սկսելով տնտեսութենէն, մինչեւ աշխարհաքաղաքականութիւնը։ Թուրքիա ներկայիս հարեւաններու նկատմամբ աշխոյժ քաղաքականութիւն կը վարէ եւ ի տարբերութիւն՝ Իրան բաւական հաւասարակշռուած կը գործէ միջազգային քաղաքական ասպարէզի մէջ։ Ռուս վերլուծաբաններու կանխատեսումներով՝ չի բացառուիր այս գծի փոփոխութեան ենթարկուիլը։

Այժմ Իրան նոր աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ յայտնուած է եւ այդ իրավիճակին մէջ պէտք է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւն կառուցէ, որպէսզի պատերազմի աւարտէն վերջ ձեւով մը ուրուագծէ իր դերակատարութիւնն ու նշանակութիւնը Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Գուցէ որոշ տարբերակներու գտնուիլը անհաւանական չէ, սակայն, այս բանը այդքան ալ դիւրին ըլլալ չի թուիր։ Ճեւատ Զարիֆ այսպիսի խնդիրներու լուծման հետամուտ պէտք է ըլլայ՝ մանաւանդ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ ունենալիք շփումներուն ժամանակ։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021