ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ֆրանսացի նախարարը օր մը առաջ ալ զրուցած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արա Այվազեանի հետ։

Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Լը Տրիան եւ Պայրամով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը։ Բաց աստի, անոնք անդրադարձան Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին՝ ընդգծելով այս ուղղութեամբ երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի վերահաստատեց իր կոչը՝ գերիներու անյապաղ եւ անվտանգ վերադարձի անհրաժեշտութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի քաղաքական լուծումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ ամրապնդման տեսակէտէ՝ հակառակ մարտերու դադրած ըլլալուն։

Բաց աստի, ամերիկացի դեսպանը դիտել տուաւ, որ իր երկիրը կը դատապարտէ հակամարտութեան վերաբերեալ վայրագութեան դէպքերը։ Ան շեշտեց, որ բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021