ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ

Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ մը։ Երաժշտասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան արժանացաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին բեմ առին երկու յայտնի հայ երաժիշտներ։ Դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեան եւ կողակիցը՝ ջութակահար Լուսինէ Յարութիւնեան հանդէս եկան համերգով մը, որ իսկապէս եզակի հաճոյք մը հանդիսացաւ ունկնդիրներուն տեսակէտէ։ Վահան Մարտիրոսեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան մեկնաբանեցին Պրամսի ստեղծագործութիւնները։

Երաժշտասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Մարտիրոսեան-Յարութիւնեան ամոլը, որ որպէս պիս ներկայացուց Կոմիտասի նշանաւոր «Կռունկ»ը։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018