ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեցին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով Կիլիկեան Աթոռի գահակալը քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուէր Հայաստանի մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս բարձր մակարդակի վրայ ծաւալուած խորհրդակցութիւններուն առընթեր, երէկ պետական աւագանիին մօտ տեղի ունեցան հանդիպումներ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Նախագահին հետ զրուցելու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մենք յստակ, վճռական կերպով հաստատեցինք, որ պէտք է շարունակենք մեր եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ զօրավիգ ըլլալով մեր հայրենի պետութեան, նպաստելով, որ մեր երկիրը շարունակէ ապահով, անվտանգ յառաջընթացի մէջ իր բարօր կեանքը։ Այս իմաստով, անշուշտ, աշխարհասփիւռ մեր եկեղեցւոյ հանգամանքը պէտք է կարողանանք օգտագործել՝ մեր ժողովուրդը համախմբելու համար հայրենիքի շուրջ։ Հայրենիքը այն հիմնական արժէքն է, որու համար մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին յանձն առած է երթալ նահատակութեան։ Հայոց պետութիւնը մեր պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումն է եւ մենք այսօր պատասխանատուութիւն ունինք՝ այդ պետութիւնը ամուր, անվտանգ պահելու եւ այդ պետութեան համար մեր ժողովուրդի բոլոր կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները համադրելու, որպէսզի անվտանգ կարողանայ մեր երկիրը յառաջ երթալ, շէնանալ, զօրանալ եւ ապահովել մեր ժողովուրդի բարօր կեանքը։ Բոլոր առիթներով մենք կը բարձրաձայնենք, որ մեր եկեղեցւոյ հոգեփրկչական առաքելութեան հետ միասին նոյնքան կարեւորութեամբ մեր եկեղեցին կ՚իրականացնէ հայապահպանութեան, ազգապահպանութեան եւ պետականաշինման առաքելութիւնը։ Պետութեան ամրացումը, հզօրացումը, բարգաւաճումը, պայծառացումը մեր եկեղեցւոյ գերագոյն առաքելութիւններէն է»։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած ընդունելութիւնն ալ անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս առթիւ Նիկոլ Փաշինեան շեշտը դրաւ համազգային օրակարգ ձեւաւորելու եւ այդ մէկը քննարկելու վրայ՝ սա համարելով շատ կարեւոր առաքելութիւն մը։ «Մենք գիտենք բան մը. թէ՛ մենք, թէ՛ մեր ժողովուրդը, թէ՛ մեր Եկեղեցին ու մեր հոգեւոր դասը համաձայն ենք, որ մենք պիտի չպարտուինք ու պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր պետութեան ու ժողովուրդի առջեւ են, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի առջեւ են», ըսաւ Փաշինեան։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019