ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՎՆԱՍ…

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս առ­կայ լա­րուած ու մտա­հո­գիչ մթնո­լոր­տին մէջ, Ռու­սաս­տա­նի Արտա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու շրջագծով ծա­ւա­լուե­ցան բազ­մա­կող­մա­նի քննար­կում­ներ։ Սէր­կէյ Լաւ­րով օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպման մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Նալ­պան­տեան եւ Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան։ Լաւ­րո­վի ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէր Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան Լաւ­րո­վի հետ քննար­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սարգ­սեան շեշտեց, որ Լաւ­րո­վի այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, երբ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ լա­րուած ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է ու ոե­ւէ մէ­կուն հա­մար գաղտ­նիք չէ, որ այդ ի­րա­վի­ճա­կը պայ­մա­նա­ւո­րուած է Ատր­պէյ­ճա­նի ան­պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսե­լով՝ Ատր­պէյ­ճան ան­գամ մը եւս ա­պա­ցու­ցա­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ ընդ­հա­նուր ո­րե­ւէ բան չի կրնար ու­նե­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։ Օգ­տա­գոր­ծե­լով հան­դերձ իր ամ­բողջ զի­նա­նո­ցը՝ Ատր­պէյ­ճան ստա­ցած է ար­ժա­նի հա­կա­հա­րուա­ծը։ Բայց Ատր­պէյ­ճա­նի այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, Սերժ Սարգ­սեա­նի կար­ծի­քով, բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը մղե­ցին բա­ւա­կան հե­ռու կէտ մը։ Հայ­կա­կան կող­մը այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ե­ղած է շի­նիչ, մշտա­պէս վստահ ե­ղած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ի վեր­ջոյ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն հար­ցի լուծ­ման իրենց մօ­տե­ցու­մը, հաս­ցէա­կան պի­տի ը­սեն ա­նու­նը այն կող­մին, որ կը հրա­ժա­րի այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րէն։ Բայց, դժբախ­տա­բար, ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը հա­մա­րե­ցին, որ ի­րենք կրնան ան­պա­տիժ խախ­տել տա­կա­ւին 1994-1995 թուա­կան­նե­րուն ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ այն պայ­մա­նա­ւո­րուածու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ձեռք բե­րուած էին այս եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։ «Մենք այս փու­լին սկսած ենք 2007 թուա­կա­նին։ Ինն տա­րուան ըն­թաց­քին մենք այդ գոր­ծըն­թա­ցի աշ­խոյժ վկան ու մաս­նա­կի­ցը ե­ղած ենք, փոր­ձած ենք գտնել փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի ո­րո­շում­ներ, ըլ­լալ շի­նիչ։ Մենք ե­ղած ենք հա­մո­զուած, որ իս­կա­պէս այդ հար­ցը կրնայ լու­ծուիլ բա­ցա­ռա­պէս փոխ­զի­ջում­նե­րու հի­ման վրայ, խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով, բայց, այ­սօր մենք ու­նինք այն ինչ որ ու­նինք։ Այս պատ­ճա­ռով ալ ինծի հա­մար չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է ձեր տե­սա­կէ­տը՝ ին­չո՞ւ, այ­նուա­մե­նայ­նիւ սա պատա­հե­ցաւ։ Ի հար­կէ, մենք մեր պատ­կե­րա­ցու­մը ու­նինք, բայց դուք շատ ա­ւե­լի տե­ղե­կա­ցուած էք, այդ իսկ պատ­ճա­ռով շնոր­հա­կալ կ՚ըլ­լանք, ե­թէ դուք ներ­կա­յաց­նէք ձեր պատ­կե­րա­ցու­մը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Իր կար­գին, Սէր­կէյ Լաւ­րովն ալ ընդգ­ծեց, որ խո­րա­պէս ան­հանգս­տա­ցած են ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ պա­տա­հած­նե­րով։ Լաւ­րով յի­շե­ցուց, թէ վեր­ջին դէպ­քե­րու ա­ռա­ջին իսկ վայր­կեա­նէն սկսեալ ռու­սա­կան կող­մը, ան­ձամբ Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ձգտած են կա­սեց­նել հրա­դա­դա­րի համա­ձայ­նագ­րի խախ­տում­նե­րը։ Այդ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը ու­նին ան­ժամ­կէտ ուժ։ Հե­տե­ւա­բար, ռու­սա­կան կող­մը կոչ կ՚ուղ­ղէ, որ­պէս­զի այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն փաս­տա­թուղ­թե­րը ո­րե­ւէ ձե­ւով կաս­կա­ծի տակ չթո­ղուի։ Թէեւ կա­րե­լի ե­ղած է դադ­րեց­նել ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ի­րա­վի­ճա­կը տակա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէ կա­յու­նա­ցած։ Ըստ Լաւ­րո­վի, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան մը հաս­տա­տուի­լը, դէպ­քե­րու կան­խուե­լուն եւ վստա­հու­թեան մի­ջոց­նե­րու տե­սա­կէ­տէ, որ­պէս­զի ա­ռա­ւե­լա­գոյնս նուա­զի առ­ճա­կատ­ման բռնկման վտան­գը։ Ռուս նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խագահ­նե­րը տա­կա­ւին հինգ տա­րի ա­ռաջ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած էին այս նիւ­թին շուրջ։

Ըստ Լաւ­րո­վի, հա­մա­պա­տաս­խան յան­ձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ տրուած էին ԵԱՀԿ-ին եւ ի­րենք այժմ կը փա­փա­քին, որ շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կի­րը՝ Գեր­մա­նիա աշ­խոյժ ձե­ւով զբա­ղի այս նիւ­թով։ Լաւ­րո­վի հա­մոզ­մամբ, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­մար պէտք է ի­րա­վի­ճա­կը հան­դար­տի եւ մարդիկ պէտք է քիչ մը հանգս­տա­նան։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ռազ­մա­կան լու­ծում չու­նի ու պէտք է շա­րու­նա­կել ջան­քեր ներդ­նել՝ քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ռուս նա­խա­րա­րը հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սաւ նաեւ հե­տե­ւեա­լը.

«Ին­չո՞ւ ի­րա­վի­ճա­կը յայտ­նուե­ցաւ նման ճգնա­ժա­մա­յին կէ­տի մը մէջ՝ ես չեմ կրնար ո­րո­շել Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի կամ ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րու փո­խա­րէն։ Բայց ես կը կար­ծեմ, որ ե­թէ մենք յա­ջո­ղէինք քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ յա­ռաջ շար­ժուիլ, թէկուզ քիչ մը, ե­թէ մենք թէ­կուզ նա­խան­շէինք ընդ­հա­նուր սկզբուն­քներ, զորս կող­մե­րը գո­նէ հիմք պի­տի ըն­դու­նէին ար­դէն ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն պար­տա­ւո­րեց­նող փաս­տա­թուղ­թե­րու մշակ­ման, նախապատ­րաստ­ման հա­մար, ի հար­կէ, սա ոչ միայն կա­րե­ւոր դեր պի­տի խա­ղար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­մար, այլ նաեւ զսպող գոր­ծօն պի­տի հան­դի­սա­նար բռնու­թեան բռնկում­նե­րու թոյլ չտա­լու հա­մար։ Բայց, կը կրկնեմ, լուծ­ման կրնան հաս­նիլ միայն ի­րենք՝ կող­մե­րը։ Մենք փոր­ձած ենք, կը փոր­ձենք եւ պի­տի փոր­ձենք օգ­նել հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն, ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հետ միա­սին։ Մենք ու­նինք միաս­նա­կան դիր­քորո­շում եւ ինչ­պէս կը հասկ­նաք, Հա­յաս­տան կը սա­տա­րէ այդ դիր­քո­րոշ­ման, ո­րով հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու եր­րեա­կը՝ ԵԱՀԿ-ի հետ միա­սին պէտք է շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել հիմ­նա­կան հա­մա­կար­գո­ղի գոր­ծա­ռոյ­թը՝ հա­մա­պա­տաս­խան այն լիա­զօ­րու­թեան, որ կող­մե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեամբ տրամադ­րուած է այդ դրու­թեան։ Եւ մենք չենք ող­ջու­ներ զու­գա­հեռ ու­ղի­ներ փնտռե­լու, դրու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու փոր­ձե­րը, ո­րոնք չեն վա­յե­լեր բո­լոր կող­մե­րու վստա­հու­թիւ­նը։ Սա միայն պատ­ճառ կը դառ­նայ շե­ղու­մի հիմ­նա­կան խնդի­րէն՝ ա­պա­հո­վել անվ­տան­գու­թիւն, թոյլ չտալ նոր զո­հե­րու եւ այնուա­մե­նայ­նիւ ստեղ­ծել քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի հա­մար պայ­ման­ներ»։­

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ռուս նա­խա­րա­րը այս փու­լին եւս շեշ­տեց, թէ հիմ­նախն­դի­րը պէտք է լու­ծուի բա­ցա­ռա­պէս քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­նա­պար­հով։ Իր կար­գին, Նալ­պան­տեանն ալ յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան եւ Ռու­սաս­տան հա­մա­կար­ծիք են, որ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի պա­րա­գա­յին ա­նըն­դու­նե­լի է ու­ժի կի­րա­ռու­մը։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն վնաս հաս­ցու­ցած է բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Նալ­պան­տեան ա­ւել­ցուց, թէ յստակ քայ­լեր անհ­րա­ժեշտ են՝ սթա­փեց­նե­լու հա­մար Պա­քուն։

Սէր­կէյ Լաւ­րով մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին ալ մատ­նան­շեց, որ ներ­կայ փու­լին անհ­րա­ժեշտ է կրա­կի դադ­րեց­ման հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ան­շեղ կա­տա­րու­մը։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ան դի­տել տուաւ, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րարու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին պա­տե­րազ­մի կո­չեր, ուս­տի այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս ըն­դու­նե­լի չեն։

Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն զա­նա­զան դէմ­քեր Լաւ­րո­վի այ­ցե­լու­թեան շար­ժա­ռի­թով շեշ­տե­ցին, թէ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ նոր փաս­տա­թուղթ մը խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ։ Կարգ մը մեկ­նա­բան­ներ ալ Լաւ­րո­վի ա­սու­լի­սի լոյ­սին տակ հան­դէս ե­կան այն հե­տե­ւու­թիւ­նով, որ Մոս­կուա ըն­դա­մէ­նը կը փոր­ձէ վերս­տին սա­ռեց­նել ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Լաւ­րո­վի Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թեան ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ Ստե­փա­նա­կերտ։ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ռուս նա­խա­րա­րի Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րուն զու­գա­հեռ կրկնեց իր մօ­տե­ցու­մը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան յայ­տա­րա­րեց, որ ուղ­ղա­կի կեն­սու­նակ չի կրնար ըլ­լալ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ, ո­րու քննարկ­ման ու մշակ­ման մաս­նա­կից չ՚ըլ­լար Ար­ցախ։

ՇՓՄԱՆ ԳԾԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Ռուս նա­խա­րա­րի Պա­քու ժա­ման­ման ըն­դա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը շա­րու­նա­կե­ցին հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ե­րէկ գի­շեր շփման գծին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը աշ­խոյժ ձե­ւով կրա­կած են Մար­տա­կեր­տի ուղ­ղու­թեամբ։ Հայ­կա­կան զօր­քե­րու ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու պա­տաս­խան-գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով՝ ճնշուած է Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­յար­ձակ աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քըր­պի յայ­տա­րա­րեց, թէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մոզ­մամբ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ յա­ռաջ եր­թա­լու լա­ւա­գոյն ճա­նա­պար­հը ԵԱՀԿ-ն է։ Ա­մե­րի­կեան կող­մը ներ­կա­յիս կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր պատ­րաստա­կա­մու­թիւ­նը՝ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հետ աշ­խա­տե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016