101-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Վա­ղը՝ 24 Ապ­րիլ 2016… Ար­դէն 101 տա­րի ան­ցած է 1915-էն ի վեր։ Այս շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը կ՚ո­գե­կո­չէ իր սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րը։ Ան­ցեալ տա­րի նշուած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցը բնո­րո­շեց նոր հանգ­րուան մը։ Այս տա­րի նոր մտայ­նու­թեան մը, նոր մօ­տե­ցում­նե­րու թթխմո­րով կ՚ո­գե­կո­չուին հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րը՝ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ, բիւր յար­գան­քով ու խո­նար­հու­մով։

Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը դար­ձեալ կեդ­րո­նա­ցած է Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի վրայ, ուր վա­ղը ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան՝ Մեծ Ե­ղեռ­նի սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րու բա­րե­խօ­սու­թեան հայ­ցով։ Այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» երկ­րորդ կլո­պալ ֆո­րու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի խօս­քով։

Թուր­քիոյ մէջ եւս հեր­թա­կան ան­գամ պի­տի ո­գե­կո­չուին հա­յոց Ե­ղեռ­նի զո­հե­րը։ Այս տա­րի Իս­թան­պու­լի հիմ­նա­կան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վա­ղը ե­րե­կո­յեան տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թիւ­նէ­լի հրա­պա­րա­կին վրայ, ի տար­բե­րու­թիւն ան­ցեալ տա­րի­նե­րէն, երբ ո­գե­կո­չում­նե­րու հաս­ցէն էր Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կը։ Վա­ղը ա­ռա­ւօտ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ալ յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Միւս կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­ման ալ հրա­պա­րա­կեց Ապ­րի­լի 24-ի պատ­գա­մը։ Սա իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նի վեր­ջին պատ­գամն է, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ան դար­ձեալ չէ օգ­տա­գոր­ծած «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը։ Բա­ռամ­թեր­քի այդ նա­խընտ­րու­թիւ­նը դար­ձեալ չէ գո­հա­ցու­ցած հայ­կա­կան կող­մը։ Թուր­քիան ալ Օ­պա­մա­յի պատ­գա­մին հա­կազ­դեց՝ ա­նոր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը հա­մա­րե­լով միա­կող­մա­նի։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016