ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ. ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԻԹ ՄԸ ԲԱՑ ԹՈՂԵՑ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԴԷՊԻ ԿԱՅՈՒՆԱՑՈՒՄ Կ՚ՈՒՂՂՈՒԻ

ԿԻՐԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԴԷՊՔԵՐԸ. ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ, ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐ ԵՒ ՏԱՍՆԵԱԿ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ. ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ. ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՒԱՔՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐ

Ծանր Կիրակի մը: Եթէ ուզենք մէկ բառով բնորոշել. երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը ապա պիտի գրենք եւ ընդունինք, որ ծանր օր էր:

Ոչ միայն անոր համար, որ շատ արագ կերպով կը տապալէր բանակցութեան «սպասուած» հանդիպումը, այլ անոր համար, որ այդ «տապալումէն» ժամ մը անց պետական անվտանգութեան մարմիններ բերման կ՚ենթարկէին ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը, որմէ ետք ալ նոյն ճակատագրին կ՚արժանային Փաշինեանի երկու ամենավստահելի գործիչները՝ Արարատ Միրզոյեանն ու Սասուն Միքայէլեանը: Եղած դէպքը (նկատի ունիմ Փաշինեանի բերման ենթարկուիլը) արագ մեկնաբանութիւններու առիթ կը հանդիսանար: Կար կարծիք, որ իշխանութիւնները այս քայլին կը դիմեն «զսպելու» համար բողոքի ալիքը եւ կար նաեւ հաւաստիացում, որ Փաշինեանն ու անոր ընկերները պաշտպանուած են Ազգային ժողովին կողմէ իրենց տրուած «անձեռնմխելիութեան» իրաւունքներով: Աւելի ուշ՝ յետմիջօրէի ժամը հինգին յստակ կը դառնար, որ Փաշինեանն ու անոր գաղափարակիցները ձերբակալուած էին եւ այդ մասին ալ ոստիկանութիւնը հանդէս կու գար յատուկ հաղորդագրութեամբ, ուր կ՚ըսուէր, թէ երեք պատգամաւորները գտնուած են հասարակական կարգը խախտելու կարգավիճակի մը մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ բառացիօրէն կ՚ըսուէր. «Մասնաւորապէս, յիշեալ պատգամաւորները բռնուած են հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքներու կատարման պահուն, որոնք դրսեւորուած են այն բանին, որ անոնք «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով սահմանուած կարգի խախտմամբ Ապրիլի 13-ին կազմակերպած եւ անցկացուցած են հաւաքներ՝ անտեսելով լիազօր մարմնի՝ Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ սահմանուած սահմանափակումները»:

Ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալման հետ զուգահեռաբար բերման կ՚ենթարկուէին տասնեակ քաղաքացիներ: Հայրենի ոստիկանութիւնը կը դիմէր տարբեր միջոցներու՝ զսպելու համար բողոքի ելած ցուցարարները, որոնք սակայն զսպուածութիւն ցուցաբերելու փոխարէն աւելի մեծ թիւերով փողոց կ՚իջնէին եւ կը շարունակէին Երեւանի տարբեր պողոտաներն ու հրապարակները փակելու «գործ»ը՝ լսելի դարձնելով «Քայլ արա, մերժիր Սերժ»ին վանկարկումը:

Ի դէպ, Փաշինեան եւ անոր ընկերները բերման կ՚ենթարկուէին Արցախ փողոցին մէջ ու դէպքէն անմիջապէս ետք յատկապէս Էրեբունի շրջանին մէջ ցուցարարներ բախման կը բռնուէին ցուցարարներու հետ: Էրեբունի հիւանդանոցի աղբիւրներ աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կը յայտնէին, որ դէպքերուն հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած են տասնեակ տուժածներ, որոնց վեցը կարիքն ունի բժշկական երկարատեւ խնամքի:

Կիրակի յետմիջօրէի դրութեամբ իրավիճակը կը շարունակէր մնալ լարուած: Յատկապէս երիտասարդ ցուցարարներու փոքր խումբեր կը շարունակէին շրջիլ Երեւանի «փոքր կեդրոն» հատուածին մէջ, կատարելով նոյն վանկարկումները եւ ցոյց տալով իրենց սկսած պայքարը շարունակելու անզիջող պատրաստակամութիւն: Ի դէպ, նոյն ժամերուն այս անգամ ինքնաշարժներով շարասիւն կազմող երիտասարդներ իրենց ճչակները կ՚արձակէին ու կը փորձէին փակել Երեւան տանող հիմնական մայրուղիները:

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ

«Ծանր օր»ուան աւարտին՝ մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներէն հարիւրաւոր ցուցարարներ կը հասնէին Հանրապետութեան հրապարակ: Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, Կիրակի երեկոյեան եղած հանրահաւաքը աննախընթաց էր: Թէ՛ թուային եւ թէ ալ պայմաններու առումով. նախ անոր համար, որ ընդդիմութեան առաջնորդները յայտնուած էին բանտերու մէջ, հետեւաբար կը բացակայէր առաջնորդ մը, որ կարողանար ուղղորդել հազարաւոր ցուցարարները, որոնց թիւը կարգ մը աղբիւրներու փոխանցմամբ կը հատէր 150 հազարը:

Հանրահաւաքին սկիզբը երեւելի էր, որ Փաշինեանի առաջնորդած «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը յայտնուած է լուրջ տագնապի առջեւ: Ի՛նչ ընել, ինչպէ՛ս ընել ու մանաւանդ ինչպէ՛ս պահպանել ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը: Եւ այսպէս, ժամը 19.00-ին սկիզբ առած հանրահաւաքին հերթաբար խօսք կ՚առնէին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ, որոնք բոլորն ալ շեշտը կը դնէին պայքարը շարունակելու իրենց վճռակամութեան մասին: Ուշագրաւ խօսքով մը հանդէս կու գար Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ «Ելք» խմբակցութեան անդամ Լենա Նազարեան, որ քանի մը կէտերով կը ներկայացնէր «օրուայ ռազմավարութիւն»ը: Նազարեան կ՚ըսէր, որ բոլոր գործողութիւնները պէտք է դադրին երեկոյեան ժամը 22.00-ին, եւ բողոքի մասնակիցները յառաջիկայ քայլերուն մասին տեղեկանալու համար պէտք է հետեւին Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրի էջին:

Նազարեան նաեւ կը յայտնէր, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին, դիտել տալով, որ Երկուշաբթի օր (այսօր) առաւօտեան ժամերէն ցուցարարները խաղաղ գործողութիւններով պիտի փակեն Երեւանի կեդրոնական փողոցները ու նաեւ աշակարտներն ու ուսանողները դասադուլ պիտի կատարեն:

Հանրահաւաքին վերջին խօսողը կը հանդիսանար Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեան, որ նոյնպէս պայքարը շարունակելու կոչ կ՚ընէր, միշտ շեշտելով պայքարին խաղաղ բնոյթի պայքար մը ըլլալուն մասին ու վարչապետ Սերժ Սարգսեանէն պահանջելով ու խնդրելով, որ վայրկեան առաջ հրաժարի իր պաշտօնէն:

ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ «ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒ ՈՒՍԵՐՈՒԴ ՎՐԱՅ Է». ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ»

Դրական լիցքերով Կիրակի առաւօտեան տեղի ունենալիք բանակցային հանդիպման սպասող Հայաստանի հասարակութիւնը յուսախաբ կ՚ըլլար: Վարչապետ Սերժ Սարգսեան եւ ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեան միասնաբար մուտք կը գործէին «Մարիոթ» պանդոկի սրահներէն մին, ուր ի ներկայութեան մեծաթիւ լրագրողներու տեղի պիտի ունենար «երկխօսութեան հանդիպում»ը: Մինչ շատեր կ՚առարկէին, որ այդքան մեծաթիւ լրագրողներու ներկայութեան դժուար թէ բանակցութիւններ կայացուին, բայց նաեւ զգալի էր, որ վարչապետ Սերժ Սարգսեան կ՚ակնկալէր, որ իր խօսակիցը շինիչ մօտեցումներով հանդէս գայ:

Թէպէտեւ Փաշինեանի խօսելաոճը բաւականին զուսպ էր, բայց եւ այնպէս յստակ էր, որ ան չէ եկած երկխօսութիւնը դրական ելքի մը տանելու համար: Ի դէպ, այս բանակցութիւններուն մասին, որոնց իրականացման համար կարեւոր ճիգեր իրականացուցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, քիչ մը «մշուշոտ» վիճակ մը տարածուեցաւ: Նախագահ Սարգսեանի գրասենեակը, որ այս մասին ալ Կիրակի յետմիջօրէին յայտարարութիւն մը կատարած էր, յայտնած էր, որ երկխօսութեան համար նախապայմաններու հարց չկար: Այսինքն, երկու առաջնորդները ունէին իրենց օրակարգը, հետեւաբար քով-քովի պիտի գային քննարկելու համար սեղանի վրայ գոյացած բոլոր հրատապ հարցերը:

Նոյնը չէր ըսեր Փաշինեան, որ Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին հազարաւոր ցուցարարներու առջեւ կը յայտարարէր, որ Կիրակի օր կայանալիք բանակցութիւններու միակ օրակարգը Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելու եւ իշխանութեան անցնցում փոխանցումը իրականացնելու հարցն էր:

Ու այս կարեւոր մանրամասնութիւնը հաշուի առնելէ ետք հասկնալի էր, որ եղածը կամ թիւրըմբռնում էր, կամ ալ Փաշինեանի կողմէ մարտավարական քայլ մը՝ քաղաքական միաւորներ վաստակելու համար: Ամէն պարագայի տակ, վարչապետ Սերժ Սարգսեանի մօտեցումներէն ու արտայայտութիւններէն յայտնի էր, որ ան խորապէս վիրաւորուած է անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին երկրին մէջ իր անձին դէմ եղած հայհոյախառն անուանարկումներէն: Ու հակառակ այդ բոլորին, ան ձեռքը «վէրք»ին վրայ սեղմելով պետութեան ղեկավարի իր դիրքերէն զիջումներ ընելով եկած էր «Մարիոթ» պանդոկ՝ տագնապին եզրայանգում մը որոնելու մտօք: Սարգսեան նաեւ «բաց պատգամներ» կը հնչեցնէր զգալէ ետք, որ իր խօսակիցը՝ Նիկոլ Փաշինեան ոչ մէկ կերպով պատրաստ է շինիչ երկխօսութեան: Սարգսեան Փաշինեանին նայելով կ՚ըսէր. «Դուք չէք գիտակցիր իրավիճակի ծանրութիւնը եւ ձեր քայլերը ուղղուած են պետութեան դէմ: Չէք սորված Մարտի մէկի դասերը եւ այսօր որեւէ ծայրայեղ դէպքի պարագային ամբողջի պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ ձեր ուսերուն»:

Ի դէպ, երբ Փաշինեան ըսաւ, որ երկրին մէջ նոր իրավիճակ ստեղծուած է եւ ժողովրդային ընդդիմութիւն կայ իր վարչապետութեան դէմ, Վարչապետ Սարգսեան ընդվզեցաւ եւ յայտնեց, որ Խորհրդարանին մէջ եօթ երեսփոխաններ ունեցող քաղաքական խմբակցութիւնը երբեք իրաւունք չունի ամբողջ ժողովուրդին անունով խօսելու: Ու մինչ Փաշինեան կը փորձէր շարունակել իր առարկումը՝ Սարգսեան ոտքի կանգնեցաւ ու խօսքը լրագրողներուն ուղղելով՝ «դուք լրագրողներ հետեւութիւններ ըրէք», ըսաւ ու անկէ ետք ալ հեռացաւ սրահէն: Բանակցութիւնները տապալած էին: Երկրին գլուխը համարուող Սերժ Սարգսեան վրդոված կը հեռանար սրահէն, ոչ անոր համար, որ իր «խօսքը կտրուած էր», այլ անոր համար, որ խնդրի լուծման համար իր երկարած ձեռքը մնացած էր օդին մէջ:

Բնականաբար այս իրավիճակին մէջ երկրի մէկէ աւելի բարձրաստիճան գործիչներ գնահատականներ հնչեցուցին: Այդ գնահատականներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ըրած զգօնութեան կոչը, ինչպէս նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Առաջին փոխ-վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, ՀՀԿ-ի խօսնակ եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի եւ Փաշինեանի անմիջական գործընկերները՝ Էտմոն Մարուքեանի եւ Արամ Զ. Սարգսեանի յայտարարութիւնները, որոնք բոլորն ալ կը հաւաստէին, որ տագնապէն դուրս գալու հիմնական ճանապարհը երկխօսութեան ճանապարհն է:

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱ՞Մ

Յառաջիկայ օրերուն անշուշտ աւելի պարզ պիտի դառնայ, թէ ի՛նչ հիմքերու վրայ իր բնականոն հունին պիտի վերադառնայ Հայաստանի քաղաքական օրակարգը: Իշխանութիւնները ամէն կերպ պիտի փորձեն պահպանել երկրին անդորրը եւ «հասկացողութիւն» ցուցաբերել ցուցարարներուն հանդէպ:

Գլխաւոր գրաւը դրուած է ընդդիմադիրներու յառաջիկայ քայլերուն վրայ, որոնք ի դէպ կը խոստանան, որ խաղաղ միջոցներով պիտի շարունակեն իրենց քայլը: Մտահոգիչն այն է, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դրուած եւ «անծրագիր-ծրագիր» մօտեցումը կրնայ աւելի տարածուիլ, պատճառ դառնալով մեծ յուսաբեկումներու:

Վերջին օրերուն տարբեր մակարդակներու վրայ դրական գնահատականներ հնչեցին հայրենի երիտասարդութեան մասին, որոնք ունեցան կամք եւ նուիրուածութիւն առնուազն նպատակի մը համար:

Սակայն խնդիրն այն էր, որ Հայաստանի մէջ առկայ ատելութիւնը եւ անձնաւորուած պայքարը դատապարտուած են «վաքումային» վիճակի մը տանելու եւ այդպէսով պարապութեան մատնելու երիտասարդ բողոքարարները: Խնդիրը անձը սիրել-չսիրելը չէ, խնդիրը այն է, որ Փաշինեան ինք եւ անոր հետեւորդները չունին իրական եւ մանաւանդ իրատեսական ծրագրեր:

Ու այս բոլորի լոյսին ներքոյ Հայաստանի քաղաքական կեանքը չի սիրեր «վաքումային» կամ դատարկութեան փուլեր: Առանց քաղաքական լուրջ ծրագրերու, կամ իրատեսական հիմքերու վրայ դրուած բանակցութեանց անհնար է, որ որեւէ տիպի «ըմբոստութիւն» յաջողութեան մը տանի:

Իսկ եթէ նոյնիսկ յաջողի, ապա կրնայ ունենալ կոպիտ հակազդեցութիւններ եւ երկիրը ամբողջական քաոսի տանող հաշուի առնելիք իրական գործօններ: Հայաստանին ամենէն աւելի ներքին կայունութիւն է պէտք:

Կիրակի երեկոյեան «Սերժ հեռացիր» վանկարկողները պարտաւոր են նաեւ այդ մասին մտածել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018