ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Նիւ Եորքի մէջ վերջերս համերգ մը տեղի ունեցած է նախկին պոլսահայ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի ծննդեան 75-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Այս փառաշուք ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի, Հայ օգնութեան ֆոնտի, «Հայ ժողովուրդի անմիջական օգնութիւն»ի եւ Հայկական ռատիօժամի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Նիւ Եորքի «Alliance Française Florence Gould» սրահի երդիքին տակ երաժշտասէրները այս առթիւ իրենց համակրանքին առարկայ դարձուցին Շահան Արծրունին եւ բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին անոր յոբելեանը։

Հարկ է նշել, որ Շահան Արծրունի սփիւռքի մեր արուեստագէտներու փաղանգին մէջ կ՚առանձնանայ շարք մը հանգամանքներով։ Ան մէկ կողմէ կատարելութեան գագաթին հասած արուեստագէտ մըն է, իսկ միւս կողմէ ընկերամշակութային եւ հասարակական հարթութիւններով կը լրացնէ իր առաքելութիւնը՝ այդ բոլորը համարելով իր արուեստագէտի կոչումի բնական երեսակները։ Շահան Արծրունի հայ իրականութենէն ներս մեծ համբաւ ու համակրանք կը վայելէ՝ որպէս դաշնակահար, յօրինող, երաժշտագէտ եւ ուսուցիչ։ Ինչպէս ըսինք, այս բոլորին վրայ կու գան գումարուիլ նաեւ միւս գործունէութիւնները, ինչ որ այժմէն մեր արդի պատմութեան մէջ մասնաւոր տեղ մը ապահոված է Շահան Արծրունիին համար։

Նիւ Եորքի յոբելենական համերգին ժամանակ Շահան Արծրունի հերթական անգամ կախարդեց իր ունկնդիրները, որոնց մատուցեց եզակի յայտագիր մը։ Դասական եւ հայկական երաժշտութեան վառ նմոյշներ ընդգրկուած էին ծրագրին մէջ։ Իր 75-ամեայ յոբելեանին օրը Շահան Արծրունի ձեւով մը ոգեկոչեց նաեւ մեր երաժշտական աշխարհի հսկաներէն Ալան Յովհաննէսն ու Եդուարդ Միրզոյեանը, որոնք եղած էին իր մօտիկ բարեկամները։ Նուագներու առընթեր, համերգի ընթացքին Շահան Արծրունի բացատրութիւններ տուաւ անոնց կեանքին շուրջ ու փոխանցեց իսկապէս հետաքրքրական դրուագներ։

Արծրունիի յոբելենական համերգէն վերջ յատուկ ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ։ Նկատի ունենալով, որ Արծրունի 1964 թուականէն ի վեր բազմամեայ ու սերտ համագործակցութիւն մը կը ծաւալէ ՀԲԸՄ-ի հետ՝ արժեւորելով այդ արդիւնաւէտ կապը ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան ըսաւ. «Շահան Արծրունի եզակի երեւոյթ մըն է։ Մեր նպատակն է նոր սերունդը ներշնչել եւ անոր օրինակներ ներկայացնել՝ ինքնութիւնը աւելի լաւ ճանչնալու եւ պահպանելու համար։ Ահա՛, Արծրունի այդ անձն է»։

Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանն ալ յոբելեանին առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ նշեց, որ Շահան Արծրունի անզուգական է հայկական երաժշտութեան ժառանգը տարածելու իր առաքելութեան մէջ։ Ան ո՛չ միայն կը տարածէ Խաչատուրեանի, Յովհաննէսի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, այլեւ՝ Միրզոյեանի, Բաբաջանեանի, Մանսուրեանի եւ Զաքարեանի նման յօրինողներու գործերը։

Հայկական երաժշտութիւնը ծանօթացնելու իր առաքելութեան բերումով, այդ ուղղութեամբ ցուցաբերած զգայնութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը արժեւորելով՝ 75-ամեակի յոբելենական համերգի մասնակիցներն ալ արուեստագէտի նկատմամբ բարձր գնահատանք դրսեւորեցին՝ իբրեւ բազմակողմանի երաժիշտ ու մշակոյթի անխոնջ դեսպան։

Շահան Արծրունիի յոբելեանը արձագանգ գտաւ նաեւ ամերիկեան «New York Concert Review»ի սիւնակներուն մէջ։ Յոբելենական համերգին կապակցութեամբ այս առթիւ նշուած է հետեւեալը. «Ծրագիրը լի էր նրբութիւններով եւ նորութիւններով, զորս հիանալի մթնոլորտի մը մէջ Արծրունի վառ գոյներով ի յայտ բերաւ»։

Ըստ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ թողարկուած մամլոյ հաղորդագրութեան, յոբելենական համերգը տեղի ունեցած է ապրիլի 5-ին։ Անշուշտ, պոլսահայութեան տեսակէտէ Շահան Արծրունիի յոբելեանը ողջունելի է մեծապէս։ Ան մեր երաժշտասէրներու սրտին մէջ ունի առանձնայատուկ տեղ մը։ Իր նուաճումները, ձեռքբերումները միշտ հպարտութեան առիթ կ՚ընկալուին մեր համայնքէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, Շահան Արծրունի պոլսահայութեան համար կը մարմնաւորէ յաւելեալ խորհրդանշան մը եւս։ Ինքը որքան որ ալ երաժշտութեան կալուածէ ներս հեղինակութիւն մը դարձած ըլլայ, մեր երաժշտասէրներու սրտին մէջ ան նոյնացած է իր սիրեցեալ մօրաքրոջ՝ լուսահոգի Սիրվարդ Գարամանուկի հետ, որ եւս անջնջելի հետք մը թողած է մեր երաժշտական աշխարհէն ներս։ Պոլսահայ երաժշտասէրները Շահան Արծրունին կ՚ընկալեն՝ որպէս Սիրվարդ Գարամանուկէն մնացած յիշատակ, իբր այդ, անոր նկատմամբ համակրանքն ու գնահատանքը կը բազմապատկուին յաչս իր ծննդավայրի հարազատներու։

Այս բոլորի լոյսին տակ, որքան որ ալ հրատապ օրակարգը պարտադրէ այլ զանազան առաջնահերթութիւններ, մեր համայնքը պէտք է անպայման մտածէ Շահան Արծրունիի յոբելեանը նաեւ Պոլսոյ մէջ նշելու մասին։

Անգամ մը եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Շահան Արծրունիի 75-ամեակը եւ իրեն կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն երաժշտական ասպարէզին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2019