«ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ-2015»Ի ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԸ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015» մրցոյ­թը այ­սօր ե­րե­կո­յեան տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վիեն­նա­յի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցի «Genealogy» խում­բը, որ հան­դէս կու գայ վե­ցե­րորդ կար­գի վրայ։ Խում­բին ան­դամ­նե­րը ջերմ հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ կը դառ­նան Վիեն­նա­յի մէջ։ Կիսաեզրափակչի հանգրուանի յաջողութենէն վերջ Հայաստանի ներկայացուցիչները լաւատես սպասումի մը մէջ են եզրափակչի արդիւնքներուն տեսանկիւնէն՝ գերազանց կէտին հասնելու վառ փափաքով։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015