ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Թուր­քիա ներ­կա­յիս բազ­մա­կող­մա­նի ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն հետ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով զար­գաց­նե­լու հա­մար իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այս ի­մաս­տով բա­րեն­պաստ մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծուած է՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման բե­րու­մով։ Ե­րէկ, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Իս­թան­պու­լի մէջ։ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 25-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ծի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Եըլ­տը­րը­մի եւ Մետ­վե­տե­ւի հան­դիպ­ման զու­գա­հեռ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րը հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Փոխ-վար­չա­պետ­ներ Մեհ­մէտ Շիմ­շէ­քի եւ Ար­քա­տի Տվոր­քո­վի­չի կող­մէ ստո­րագ­րուած այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա տե­ղե­կա­ցու­ցին՝ որ ո­րո­շած են ջնջել բո­լոր տե­սա­կի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գետ­նի վրայ։

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ այս հան­դի­պու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Թիֆ­լիզ, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կը շօ­շա­փուին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։

ՀԱ­ՍԱ­ՆՈ­ՎԻ ԱՅ­ՑԸ

Միւս կող­մէ, ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Թիֆ­լիզ մեկ­նե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նով, որ կը հիւ­րըն­կա­լուի իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Լե­ւան Ի­զո­րիա­յի կող­մէ։ Եր­կու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յիս կ՚ամ­րապըն-դեն ի­րենց ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ ընդգ­ծե­լով ա­նոր մեծ նե­րու­ժը։ Հա­սա­նով Թիֆ­լի­զի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։

Այ­սօր Ի­զո­րիա եւ Հա­սա­նով Թիֆ­լի­զէն կ՚անց­նին Պա­թում, ուր ի­րենց կը միա­նայ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք։ Ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փի մէջ կը ծա­ւա­լուին ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017