ԼՈՒՐՋ ԲԱՆԱՎԷՃ

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեա­կին առ­թիւ ե­րէկ յո­բե­լե­նա­կան գա­գա­թա­ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ եւ գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ծա­գե­ցաւ լա­րուա­ծու­թիւն։ Այս լուրջ ու սուր բա­նա­վէ­ճին պատ­ճառն էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Ատր­պէյ­ճա­նի ա­նու­նով գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Օք­թայ Ա­սա­տով, ո­րու ե­լոյ­թին պա­տաս­խա­նեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան։ Այս առ­թիւ Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան մատ­նան­շեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հեր­թա­կան ան­գամ փոր­ձած է ՍԾՏՀԿ­-ի ամ­պիո­նը օգ­տա­գոր­ծել՝ ա­ղա­ւա­ղուած ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ «Մենք հա­մո­զուած ենք, թէ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը այն տե­ղը չէ, իսկ ՍԾՏՀԿ այն ձե­ւա­չա­փը չէ, ուր պէտք է քննար­կուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը», ը­սաւ Յո­վա­կի­մեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած քա­ղա­քա­կա­նաց­ման փոր­ձե­րը կը ցու­ցադ­րեն այդ երկ­րի ա­նար­գա­լից վե­րա­բեր­մուն­քը ՍԾՏՀԿ­-ի կա­նո­նադ­րու­թեան, սկզբունք­նե­րուն եւ նպա­տակ­նե­րուն հան­դէպ։ Փոխ-նա­խա­րա­րը ա­ւե­լի վերջ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց նաեւ Պա­քուի դիր­քո­րո­շումն ու քննա­դա­տե­լի ե­րե­սակ­նե­րը։

Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեա­նի ե­լոյ­թի ա­ւար­տին այս բա­նա­վէ­ճին մի­ջամ­տեց նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան։ Ան ը­սաւ, որ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը թէեւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ՍԾՏՀԿ­-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մէն ան­հանգս­տա­ցած է, սա­կայն իր ե­լոյթն ալ ամ­բող­ջու­թեամբ քա­ղա­քա­կան բնոյթ մը ու­նե­ցած է։ Այս կէ­տին վրայ Էր­տո­ղան ա­ւել­ցուց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը պէտք է լու­ծուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րով՝ մա­նա­ւանդ, որ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէր նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ։

Հարկ է նշել, որ թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ լայն ար­ձա­գանգ գտած է այս բա­նա­վէ­ճը։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017