նշուեցաւ Տաթեւիկ Սազանդարեանի ծննդեան 100-ամեակը

Օ­փե­րա­յին երգ­չու­հի Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի ծննդեան 100-ա­մեա­կի կա­պակ­ցու­թեամբ՝ Ե­րե­ւա­նի Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր: Հա­մերգ-ներ­կա­յա­ցու­մը կը կրէր «Ա­ռա­ջին-Տա­թե­ւիկ» խո­րա­գի­րը:

«Այս հա­մեր­գա­յին ծրա­գի­րը ար­ժա­նի հա­տու­ցում է Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի ան­ցած ու­ղիին, կեն­սագ­րու­թեան եւ դա­սա­կան ա­րուես­տին մէջ ա­նոր թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան: Հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի մէջ աշ­խա­տե­լու ըն­թաց­քին ա­ռիթն ու­նե­ցած եմ ա­ռըն­չուե­լու ա­նոր՝ մե­ծա­նուն երգ­չու­հիի եւ ման­կա­վար­ժի հետ ու պէտք է ընդգ­ծեմ, որ Սա­զան­դա­րեան ա­րուես­տի բա­ցա­ռիկ նուի­րեալ էր: Ա­նոր երգ­չու­հի եւ մարդ տե­սա­կը մեր այ­սօ­րուայ եւ վա­ղուայ փրկու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր մասն է», նշած է Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան:

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղորդ­մամբ, բե­մադ­րիչ Ար­մէն Մե­լիք­սէ­թեա­նի խօս­քով՝ Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեան ան­մի­ջա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն էր: «Ես դեռ ու­սա­նող էի, երբ ծա­նօ­թա­ցայ ա­նոր հետ: Եր­բեք անջր­պետ չեմ զգա­ցած ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէ­տի եւ ու­սա­նո­ղի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ջերմ էր ու նրբան­կատ», ը­սաւ Մե­լիք­սէ­թեան եւ յա­ւե­լեց, որ Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի կա­տար­մամբ յատ­կա­պէս կը հաւ­նի Փա­ռան­ձե­մի, Քար­մէ­նի եւ Ան­նա­յի դե­րերգ­նե­րը:

Ծրագ­րի կազ­մա­կեր­պիչ Տա­թե­ւիկ Յա­րու­թիւ­նեան շեշ­տեց, որ հա­մերգ-ներ­կա­յաց­ման մտա­յ­­ղա­ցու­մը կը պատ­կա­նի Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի թոռ­նու­հիին՝ Զա­րու­հի Խան­ճեա­նին, որ ան­ժա­մա­նակ հե­ռա­ցած է կեան­քէն: «Հա­մերգ-ներ­կա­յաց­ման նկա­րա­զար­դում­ներ կը ներ­կա­յա­ցուին պաս­տառ­նե­րէն բո­լոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու ըն­թաց­քին», եզ­րա­փա­կեց ան:

Ծրագ­րի ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բը՝ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար եւ գլխա­ւոր խմբա­վար Սէր­կէյ Սմբա­տեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: Մաս­նակ­ցե­ցան Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի ու­սա­նող­նե­րը՝ Գէորգ Յա­կո­բեան, Յաս­միկ Հա­ցա­գոր­ծեան, Նու­նէ Պա­տա­լեան, Պերճ Քա­րա­զեան եւ այլք: Հնչե­ցին այն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, օ­փե­րա­յին ա­րիա­նե­րը, ո­րոնց շնոր­հիւ Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեան մեծ ճա­նա­չում ձեռք բե­րած էր:

Դահ­լի­ճը լեփ­լե­ցուն էր, եւ օ­փե­րա­յին ա­ր-ւես­տի սի­րա­հար­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կ՚ար­ձա­գան­գէին բո­լոր հա­մար­նե­րուն:

Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան։

Հա­մեր­գը ի­րա­կա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նիին ներ­քոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Միւս կող­մէ, այս ըն­թաց­քին կ՚ի­րա­կա­նա­ց-ւին նաեւ շարք մը ծրագ­րեր նուի­րուած եր­գու­հիի յո­բե­լեա­նին՝ հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դում, մե­ներ­գիչ­նե­րու հան­րա­պե­տա­կան մրցոյթ, նա­մա­կա­նի­շի թո­ղար­կում։ Բաց աս­տի, թը-ւայ­նա­ցուած է երգ­չու­հիի՝ ոս­կէ ֆոն­տե­րուն մէջ պահ­պա­նուող մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Հա­մերգ-ներ­կա­յաց­ման կազ­մա­կեր­պիչ Տա­թե­ւիկ Յա­րու­թիւ­նեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի անուան Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի ճե­մաս­րա­հին մէջ կը ցու­ցադ­րուին Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի անձ­նա­կան լու­սան­կար­նե­րը։

Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեան ծնած է Խնձո­րես­կի մէջ։ Ման­կու­թիւ­նը ան­ցած է Պա­քու:

1929 թուա­կա­նին տե­ղա­փոխ­ուած է Մոս­կուա, եր­գած՝ Ա­րե­ւե­լեան ինք­նա­գործ խում­բին մէջ։ Ու­սա­նած է Մոս­կուա­յի Հայ մշա­կոյ­թի տան ե­րաժշ­տա­կան եւ տրա­մա­թի­քա­կան աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ։ Ե­րե­ւան գա­լով ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի թատ­րո­նի մե­ներգ­չու­հի։ 1939 թուա­կա­նին Մոս­կուա­յի մէջ՝ Հայ ա­րուես­տի տաս­նօ­րեա­կին, հան­դէս ե­կած է Ալ­մաս­տի (Սպեն­դիա­րեա­նի «Ալ­մաստ») դե­րեր­գով եւ ար­ժա­նա­ցած՝ հա­մընդ­հա­նուր ճա­նաչ­ման։

Երգ­չու­հիի մեկ­նա­բան­մամբ Փա­ռան­ձե­մի (Տիգ­րան Չու­խա­ճեա­նի «Ար­շակ Բ»), Թա­մա­րի (Ար­մէն Տիգ­րա­նեա­նի «Դա­ւիթ Բէկ») եւ Ալ­մաս­տի դե­րեր­գե­րը հայ­կա­կան օ­փե­րա­յի կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուես­տի գո­հար­նե­րէն են: Յա­տուկ ա­նոր հա­մար գրուած են Թա­մա­րի, Շու­շա­նի՝ Պա­պաե­ւի «Ար­ծուա­բերդ», Նա­զե­լիի՝ Ստե­փա­նեա­նի «Հե­րո­սու­հին», Պեր­պե­րո­յի՝ Տէր-Ղե­ւոն­դեա­նի «Ա­րե­ւի ցոլ­քե­րում» դե­րերգ­նե­րը։ Լա­ւա­գոյն կա­տա­րում­նե­րէն ե­ղած են նաեւ Քար­մէ­նի՝ Պի­զէի «Քար­մէն», Ամ­նե­րի­սի՝ Վեր­տիի «Աի­տա», Իո­քաս­տէի՝ Սթրա­վինս­քիի «Էտի­փ ար­քայ», Լիւ­պա­շա­յի՝ Ռիմս­քի-Քոր­սա­քո­վի «Թա­գա­ւո­րի հարս­նա­ցուն», Օլ­կա­յի՝ Չայ­քովս­կիի «Եւ­կե­նի Օ­նե­կին» եւ այլ դե­րերգ­ներ։ Հան­դէս ե­կած է նաեւ որ­պէս քա­մե­րա­յին երգ­չու­հի։ Կա­տա­րած է հայ, ռուս եւ եւ­րո­պա­ցի յօ­րի­նող­նե­րու շուրջ 450 ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­ր։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017