ԱՆԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐ

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ այս արարողութիւնը՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ միւս նախարարները այս առթիւ մի առ մի կատարեցին իրենց երդումը։

Արարողութեան աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց վարչապետն ու նախարարները՝ անոնց մաղթելով բեղմնաւոր ու արգասաբեր աշխատանք ի շահ հայրենիքին ու ժողովուրդին։

Հարկ է նշել, որ կառավարութեան անդամներուն երդումը նորամուծութիւն մըն է Հայաստանի քաղաքական ու պետական կառավարման մշակոյթին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան անդամներու երդման արարողութենէն վերջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան տեսակէտէ առաջնահերթ խնդիր է արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը։ «Սակայն սա չի նշանակեր, որ սա միակ խնդիրն է, որ մենք պէտք է լուծենք», ըսաւ Փաշինեան։

Իր կարգին, Հայաստանի առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեանն ալ նշեց, որ երկիրը պէտք է պատրաստ ըլլայ արտահերթ ընտրութիւններու, սակայն դեռ կարելի չէ խօսիլ ժամկէտներու մասին։ «Այո՛, մեր առաջնահերթութիւններէն մին արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումն է, բայց երկիրը պէտք է պատրաստ ըլլայ այս բանին։ Օրինակ, Ընտրական օրէնսգիրքը, ընտրական յանձնաժողովները, եթէ մենք այս բոլորով ձեռնարկենք ընտրութիւններու, ապա արդեօք սա՞ է մեր ուզածը։ Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կը կարողանա՞ն այս դրութիւններով, այս օրէնքով ամրագրել իրենց կամքը։ Ես այդպէս չեմ կարծեր», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Միւս կողմէ, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր, խորհրդարանի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովն ալ անդրադարձաւ ներքին քաղաքական ներկայ վիճակին։ Ան ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ շինիչ ընդդիմութիւն եւ արհեստականօրէն պիտի չխոչընդոտէ կառավարութեան աշխատանքը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018