ԿԱՐԵՒՈՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթին, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Արարատ Միրզոյեան եւ Լէօ Տոքերթի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Անգլիոյ միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի երկու երկիրները ռազմավարական երկխօսութեան սկսին։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան տեղեկացուց, որ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի եւս երկու յօդուածի պարագային։ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ այդ համաձայնութիւնը գոյացած է՝ Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ կազմակերպուած բանակցութիւններուն ժամանակ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անգլիացի նախարարն ալ տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ ունեցած շփումներուն ժամանակ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ ծաւալած քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ բերած է նաեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման հարցը։ Իր կարգին, Միրզոյեանն ալ շեշտեց, որ այս հարցին կապակցութեամբ Երեւան կ՚ակնկալէ Լոնտոնի կողմէ գործօն քայլեր։

Կը հաղորդուի, որ Լէօ Տոքերթի Երեւանի մէջ այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ Փենթակոնէն պատուիրակութիւն մը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Հայաստանի համապատասխան կառոյցներու պատասխանատուներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023