ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻՆ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ԿՈՉՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս պարգեւատրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ միշտ կը խրախուսէ համահայկական ժառանգութեան պահպանումը եւ համահայկական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը կը ձգտի խթանել։ Քուէյթի մէջ իրեն շնորհուած է «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը։

Հարկ է նշել, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջերս ուղեւորութիւն մը իրականացուցած է դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Այս շրջանակէն ներս, ան կատարած է բացումը Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ գետնայարկի՝ վերանորոգեալ ընդարձակ սրահին։ Վերանորոգեալ սրահը վերանուանուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին անունով, քանի այս տարի կը նշուի իր վախճանման 850-րդ տարելիցը։

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգութեան այս ծրագիրը կեանքի կոչուած էր Կիրակոս Գույումճեանի, իր կողակցին՝ Սիլվա Գույումճեանի եւ անոնց զաւակներուն նուիրատուութեամբ, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը բարձր գնահատած է անոնց յանձնառութիւնը։ Ուստի, Գույումճեանները պարգեւատրուած են «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023