ԴՐԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

CNN Türk հեռուստակայանը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շատ կարեւոր որոշում մը ընդունած է՝ փոքրամասնութիւններու սրբատեղիներու պարագային։ Այսպէս, Ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կողմէ տնօրինուած եկեղեցիներու եւ սինակոկներու պարագային պիտի ձեռնարկէ կարեւոր կարգադրութեան մը։ Այսպէս, այդ սրբավայրերը պիտի յատկացուին այն վաքըֆներուն, որոնց ենթակայութեան տակ կը գործեն։

Ըստ նոյն աղբիւրին, այս ծիրին մէջ արդէն իսկ կատարուած է առաջին կարգադրութիւնը։ Այդ առաջին կարգադրութիւնը եղած է ասորի համայնքի պարագային։ Ասորիներու Պէյօղլուի սրբավայրերէն մէկուն պարագային կատարուած է կարգադրութիւն՝ այս նոր որոշման տրամադրութիւններուն հիման վրայ։ Այս կապակցութեամբ CNN Türk-ին յայտարարութիւններով հանդէս եկած են ասորի համայնքէն զանազան ներկայացուցիչներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018