ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԻ ԱՃ

2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, Արցախ այցելած են 8654 օտար զբօսաշրջիկներ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ 102 տոկոս աճած է, կամ՝ 4362-ով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զբօսաշրջութեան գործունէութիւն իրականացնողներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 10 կազմակերպութիւն՝ 9 զբօսաշրջութեան գրասենեակ եւ 1 զբօսաշրջութեան գործակալ:

Մինչ այդ, նոյն ժամանակաշրջանին կառուցուած են չորս հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներ (բոլորը՝ զբօսաշրջութեան տուներ)՝ 11 հիւրանոցային թիւերով եւ 24 մահճակալ-տեղով: Այժմ Արցախի տարածքին կը գործեն 53 հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներ՝ 1475 մահճակալ-տեղով:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018