ԿԵՐՊԸՆԿԱԼԸ ՊԻՏԻ ԱՐԳԻԼՈՒԻ

Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալի արգիլման գործընթաց: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը:

«Գործընթացը պիտի սկսի մէկ համայնքէ, այնուհետեւ պիտի իրականացուի մարզի մակարդակով, եւ որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին Հայաստան պիտի միանայ ա՛յն երկիրներուն, ուր միանգամեայ օգտագործման կերպընկալը արգիլուած է», նշեց նախարարը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018