ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՈՒՐ ՄԸ

Սփիւռքի հայկական դաստիարակութեան տեսակէտէ շաբաթավերջին մտահոգիչ լուրեր հասան Ամմանէն։ Այսպէս, յորդանանահայ համայնքի ղեկավարութիւնը որոշած է փակել Ամմանի միակ հայկական վարժարանը։ «Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանի փակման մասին որոշում առնուած է՝ նիւթական անբաւարարութիւններու հետեւանքով։ Ընկերային ցանցերու եւ զանազան լրատուական կայքէջերու վրայ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը։ Ամմանի հայ համայնքէն Մարալ Ներսէսեան Դիմագիրքի էջին վրայ մատնանշած է, որ այս իրադարձութիւնը լուրջ վտանգ մը կը համարուի յորդանանահայ համայնքի ապագայ գոյութեան տեսակէտէ։

Ամմանի «Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը կը գործէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Ճիշդ է, որ այս դպրոցի պարագային վերջին տարիներուն աշակերտներու թիւի նահանջ մը խնդրոյ առարկայ էր, սակայն անոր փակումը բնականաբար մտահոգիչ կը համարուի՝ սփիւռքահայ վարժարաններու ցանցի տկարացման տեսակէտէ։ Եւ այս վերջին պարագային, դժբախտաբար, դպրոց մը կը փակուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր հայ դպրոցը յարաբերաբար աւելի ազդու գործունէութիւն մը կը ծաւալէ՝ հակառակ տարածքաշրջանէ ներս հայաթափման միտումներուն։

Ըստ անպաշտօն լսումներու, վարժարանի փակման ուղղութեամբ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ ուրիշ գործօն մը։ Արդարեւ, Ամմանի «Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը կը վայելէր Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնեան» հիմնարկութեան զօրակցութիւնը։ Վերջին տարիներուն, դժբախտաբար, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը այդ կանոնաւոր աջակցութիւնը դադրեցուցած է, ինչ որ արդէն հիմա յայտնի կը դառնայ, որ Ամմանի «Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանի պարագային եղած է ճակատագրական եւ որոշում առնուած է այս դպրոցի դռները առյաւէտ փակելու ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Panorama.am կայքէջի հաղորդումներով, Ամմանի հայկական վարժարանի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը կը կազմէին զաւակները այն սուրիահայ ընտանիքներուն, որոնք վերջին տարիներուն այդ երկրի ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ պարտաւորուած էին գաղթելու։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018