ՈՌՈԳՄԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ օժտուեցաւ ոռոգման ջուրի համակարգով:

Բնակավայրի տնամերձ հողատարածքներու ոռոգման ցանցի կառուցման համար ներդրուած է 19.5 միլիոն դրամ: Կառուցապատման աշխատանքները իրականացուցած է «Դովեղ» հիմնարկը:

«Ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ Դովեղի մէջ իրավիճակը փոխուած է. համայնքներու զարգացումը կարեւոր առաջնահերթութիւն համարող մարդոց՝ Ռալֆ Եիրիկեանի, Ռոպերթ Նազարեանի, Սուրէն Սահակեանի, Վաչիկ Քոքոբելեանի եւ Ֆրէտ Նազարեանի ներդրման շնորհիւ տարիներու հարցը լուծուած է: Յատկապէս սահմանապահ գիւղերու մէջ ենթակառուցուածքները կարեւոր են քանի մը տեսանկիւնէ. գիւղացին կը հոգայ իր ապրուստի հարցը, չի լքեր գիւղը եւ կը լծուի՝ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելով անոր անվտանգութեան հարցը», կը յայտնէ Դովեղ բնակավայրի վարչական տարածքի ղեկավար Սամուէլ Գորգինեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018