ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՏՈՂԱՆՑՔ

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական բանակումը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբթուան տեւողութեան, շուրջ 1200 սկաուտներու մասնակցութեամբ Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ համաՀՄԸՄ-ական բանակում մը։ Քառօրեայ այդ բանակումը իր աւարտին հասաւ շաբաթավերջին Երեւանի կեդրոնին կազմակերպուած մեծ արարողութիւնով մը։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ փուլը, որու աւարտին մայրաքաղաքի փողոցներով անցան շուրջ 1200 սկաուտներ։ Հարկ է նշել, որ սա համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ փառատօնն էր։

Բանակումի եզրափակիչ արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը, ՀՄԸՄ-ի ղեկավարութիւնն ու աշխարհատարած մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Եզրափակիչ փուլին նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Բիւրականի մէջ մասնակցութիւն բերած էր բանակումներուն եւ իրեն համար մեծագոյն հպարտութեան առիթ մը եղած է՝ շփում ունենալ սկաուտներուն հետ։ Նախարարը ընդգծեց, որ սկաուտներու շարքին տեսած է լուսաւոր դէմքեր։ «Դուք ապրելով Հայաստանէ դուրս բարձր պահելով ձեր հայկականութիւնը, բարձր կը պահէք հայու եւ Հայաստանի հեղինակութիւնը», ըսաւ նախարար Մխիթար Հայրապետեան բանակումներու եզրափակիչ փուլին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018