ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին այցելեց Փարիզ, ուր Էլիզէի պալատի երդիքին տակ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է եւ միջնորդի դերով հանդէս կու գայ՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ըստ Փարիզէ հասած լուրերուն, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն յուլիս 20-ին Էլիզէի պալատին մէջ ընդունած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը: Անոր ի պատիւ տրուած եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ խիստ կերպով քննադատուած աշխատանքային ճաշի ընթացքին Մաքրոն նշած է, որ «Ֆրանսա պիտի աջակցի Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան նոր համաձայնագրի ստորագրման»։

2017 թուականի փետրուարէն ի վեր բանակցային փուլի մէջ գտնուող նշեալ համաձայնագրով հետապնդուած նպատակն է ամրապնդել ԵՄ-ի կապերը քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի հետ, որ Եւրոպայի համար՝ ռուսական կազի այլընտրանքային աղբիւր կը նկատուի:

Էլիզէի հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Նախագահ Մաքրոն իր պաշտօնակից Ալիեւին հաւաստեց իր աջակցութիւնը՝ համագործակցութեան նոր համաձայնագրի, հեռանկարին առընչութեամբ, որ կրնայ ստորագրուիլ մինչեւ տարեվերջ»։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Էմմանուէլ Մաքրոն աւելցուցած է, որ Ֆրանսա պատրաստ է «Ատրպէյճանին ուղեկցելու՝ իր տնտեսութիւնը բազմազան դարձնելու ջանքերուն մէջ»։ Ներկայացուած են երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած «ջրային պաշարներու կառավարման, օդուժի արհեստագիտութեան եւ տիեզերական համագործակցութեան մասին» երեք պայմանագրերը:

Նախագահութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մաք-րոն նաեւ Ալիեւին յայտնած է, թէ Ֆրանսա որքա՛ն փարած կը մնայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրի տրամադրութիւններուն:

Եւ վերջապէս, երկու նախագահները անդրադարձած են արցախեան հակամարտութեան: «Ողջունելով» յուլիս 11-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ Էմմանուէլ Մաքրոն յայտնած է հետեւեալը. «Բանակցային լուծումի մը որոնման ջանքերը շարունակելու Ֆրանսայի մտադրութիւնը, ինչ որ այս հակամարտութեան մնայուն կերպով վերջ տալու միակ այլընտրանքն է»։

Այս հանդիպման նախօրեակին, ատրպէյճանցի ընդդիմադիր ծանօթ գործիչ Ռասուլ Ճաֆարով նախագահ Մաքրոնի յղուած բաց նամակով՝ անկէ կը խնդրէր, որ նախագահ Ալիեւէն պահանջէ ազատ արձակումը «աւելի քան 100 ընդդիմադիրներու, լրագրողներու, կայքագիրներու (...) եւ քաղաքական պատճառներով ատրպէյճանական բանտերու մէջ գտնուող այլոց», յատկապէս յիշելով այլախոհ Իլկար Մամէտովի պարագան, որ 2014 թուականին դատապարտուած է եօթ տարի բանտարկութեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018