«ԿՈՄԻՏԱՍ»Ը ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ

«Եոլճու» թատերախումբը եւ Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ներկայացուցին «Կոմիտաս»ը։ Սելամիչեշմէի «Էօզկիւրլիւք» հանրապարտէզի ամփիթատրոնին մէջ, աւելի քան 400 հանդիսատեսի մասնակցութեամբ ներկայացուեցաւ խաղը։ Լուսաւորիչ երգչախումբը Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ յաջող կատարումներով պայմանաւորեց ձեռնարկի մթնոլորտը։ Այսպէսով ներկայ շրջանի Իսթանպուլի ներկայացումներու շարքը հասաւ իր աւարտին։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022